Կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին եւ հսկողութեամբ Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻԱ) նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի 45-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Լիբանանցի փորձառու վարորդ Ռոժէ Ֆըղալի իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ հանդիսացաւ ախոյեան` 16-րդ անգամ ըլլալով:
Ֆըղալի, որ կը վարէր «Վոլֆսվակըն Փոլօ ՃԻ. ԹԻ. ԱՅ. Ռելի-2» ինքնաշարժը, արձանագրեց 1 ժամ 52’053” արդիւնք մը:
Երկրորդ հանդիսացաւ Ապտալլա Ռաուահի (Օման)-Աթա Համմուտ (Յորդանան) զոյգը (1 ժամ 56′ 39”), իսկ երրորդ` Պասել Պու Համտան (Լիբանան)-Ֆիրաս Էլիաս (Լիբանան) զոյգը (1 ժամ 57′ 35”):
Նշենք, որ Նասեր Սալեհ Աթիէ (Քաթար) շաբաթ օր տեղի ունեցած 5-րդ հանգրուանի մրցումին ինքնաշարժի արկած մը ունենալով թէեւ անվնաս դուրս եկաւ իր բաւական վնասուած ինքնաշարժէն, սակայն ան ռելիէն դուրս մնաց:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի պատասխանատուներուն կողմէ: