Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւ Եորքի Մէջ Հնգեակին Հանդիպումէն Ետք Լը Տըրիան Պիտի Վերադառնայ Լիբանան

September 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անցեալ շաբաթավերջին կատարած յայտարարութեան մէջ հաստատեց, որ ինք կառչած կը մնայ երկխօսութեան նախաձեռնութեան, որ սեղանի վրայ գտնուող առկայ միակ նախաձեռնութիւնն է:

Պըրրի ընդգծեց, որ Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան

որդեգրած է իր նախաձեռնութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնած անոր:

«Երկխօսութիւնը անհրաժեշտ ելքն է` նախագահական ընտրութիւն կատարելու, հետեւաբար ըստ օրէնքի եւ կանոնի պիտի հրաւիրեմ երկխօսութեան` յուսալով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պատասխանատուութեամբ կը զինուին եւ Աստուծոյ հանդէպ երկիւղով կը մօտենան այս հրաւէրին», շեշտեց ան:

Միւս կողմէ, Լը Տըրիան ներկայ պիտի գտնուի վաղը` երեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2023-ին, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք հնգեակի հանդիպումին, որմէ ետք ան պիտի վերադառնայ Լիբանան եւ ֆրանսական դեսպանատան մէջ դարձեալ հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի 38 երեսփոխաններուն հետ, որոնց հետ նախապէս խորհրդակցութիւններ կատարած էր:

Պէտք է աւելցնել, որ Լը Տըրիան Լիբանանի մէջ կատարած իր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին խորհրդակցութիւնները կը համակարգեր Լիբանանի տագնապին համար աշխատող հինգ երկիրներուն` Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Քաթարի հետ:

Ան բազմիցս հաստատեց Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ պէտք է ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ այս կամ այն քաղաքական ուժին համար մարտահրաւէր չի նկատուիր, երկրին ուղղահայեաց երկփեղկումը աւելի եւս չի խորացներ եւ քաղաքական բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կ՛ըլլայ:

Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի հաստատեց, որ Ռիատ կը զօրակցի Լիբանանին եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ իր քոյր երկրին մէջ կայունութեան վերահաստատման համար:

Պուխարի մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը համախոհութիւն գոյացնեն` կատարելու համար հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ սկսելու համար երկիրը ապաքինման եւ վերականգնումի ուղիին վրայ զետեղելու հոլովոյթը:

Նախորդը

Միջազգային Դրամական Ֆոնտ. «Անհրաժեշտ Բարեկարգումները Չգործադրելը Իր Ազդեցութիւնը Պիտի Ունենայ Յառաջիկայ Տարիներուն Վրայ»

Յաջորդը

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 108-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 84-Ամեակի Նշում

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.