Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Դրամական Ֆոնտ. «Անհրաժեշտ Բարեկարգումները Չգործադրելը Իր Ազդեցութիւնը Պիտի Ունենայ Յառաջիկայ Տարիներուն Վրայ»

September 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութիւնը աւարտեց Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը, որուն լոյսին տակ հրապարակեց տեղեկագիր մը` հաստատելով, որ երկրին մէջ անհրաժեշտ բարեկարգումները չգործադրելը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ տնտեսական տագնապին վրայ եւ պիտի շարունակէ հետեւանքներ ունենալ յառաջիկայ տարիներուն ալ:

Տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, թէ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապին սկիզբէն չորս տարի ետք, երկիրը տակաւին տնտեսական հսկայական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, դրամատուներու մարզը կը մնայ քանդուած, հանրային ծառայութիւնը կը վատթարանայ, ենթակառոյցը կը նահանջէ, աղքատութեան եւ անգործութեան պայմանները կը վատթարանան եւ տնտեսական բացը կ՛ընդարձակուի:

«Լիբանանի մէջ բարեկարգումներ չեն կատարուած. յանդուգն եւ քաջ քաղաքական որոշումներու կարիքը կայ այդ բարեկարգումները կատարելու համար: Զբօսաշրջական եղանակին ընթացքին Լիբանանի մէջ ծախսուած օտար դրամանիշով գումարները այն տպաւորութիւնը կը ստեղծեն, որ Լիբանանի տնտեսական տագնապը վերջ գտած է, սակայն իրականութիւնը այդ տպաւորութիւններուն չի համապատասխաներ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ ողջունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նոր գործակատարին տուած վերջին որոշումները, որոնք երկիրը կ՛ուղղեն դէպի ճիշդ ընտրանքներ:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը ճշդելու համար «Սայրաֆա»-ի ելեկտրական հարթակէն ձերբազատելու եւ կառավարութիւնը չֆինանսաւորելու որոշումները, ինչպէս նաեւ ելեւմտական յաւելեալ թափանցիկութեամբ գործելը տեղին են:

«2023-ի պետական ամավարկը ճշգրտութեան կարիք ունի, իսկ 2024-ի պետական ամավարկը պակասաւոր է այն իմաստով, որ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի միացեալ սակ մը պէտք է ճշդէ, ինչպէս նաեւ տուրքերու դրութիւնը կանոնաւորէ, այլ խօսքով` տուրքերու նոր քաղաքականութիւն մը որդեգրէ` Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային կայունութեան համար», կը նշէ տեղեկագիրը:

Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան իշխանութիւններուն, որոնք անկեղծօրէն մասնակցեցան իրեն հետ կատարուած խորհրդակցութիւններուն:

Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կարելի է նկատել Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակի ճշգրիտ բնորոշում մը, որ կը նոյնանայ ելեւմուտքի նախարարութեան տեսակէտին հետ:

Խալիլ յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարարութեան ճիգերը պէտք է ամբողջանան օրէնսդրական աշխատանքով, որպէսզի կարելի ըլլայ անմիջական կերպով ձեռնարկել բարեկարգումի էական քայլերու:

 

Նախորդը

Բանակը Կրակոցի Թիրախ` Սուրիացի Տեղահանուածներու Գաղթակայանին Մէջ

Յաջորդը

Նիւ Եորքի Մէջ Հնգեակին Հանդիպումէն Ետք Լը Տըրիան Պիտի Վերադառնայ Լիբանան

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.