Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Պըրրի շատ հանգիստ դուրս եկած է Լիբանանի տագնապի լուծման համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի հետ ունեցած իր հանդիպումէն:
Անոնք հաստատեցին, որ Լը Տըրիան իր կարգին որդեգրած է Պըրրիի առաջադրած երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը, որ կը վերաբերի միայն նախագահական ընտրութեան թղթածրարին:
Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ Լը Տըրիան պիտի զօրակցի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած երկխօսութեան նախաձեռնութեան եւ երեսփոխանական պլոքներու նախագահները պիտի մղէ` ընդառաջելու այդ երկխօսութեան:
Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանի նախագահը Լը Տըրիանին հարց տուած է, որ արդեօք իր նախաձեռնութեան մասին Լը Տըրիանի զօրակցութիւնը միայն ֆրանսական կեցուա՞ծք է, եւ ֆրանսացի պատուիրակը հաստատած է ըսելով, որ անիկա Լիբանանի տագնապի լուծման համար գործող հինգ երկիրներուն դրական կեցուածքը կ՛արտացոլացնէ:
Միւս կողմէ, Պըրրի «Նահար» օրաթերթին կողմէ ուղղուած հարցումի մը պատասխանելով շեշտեց, որ իր նախաձեռնութիւնը ի զօրու է եւ պիտի ապահովէ ամբողջ Լիբանանի յաղթանակը, եթէ կարելի ըլլայ երկխօսութեան ճամբով յանգիլ նախագահական ընտրութեան:


