Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով հայ-ազրպէյճանական սահմանային լարուած կացութեան, յայտնած է, որ կը պատրաստուի բանակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Վաղը, հաւանաբար, պիտի բանակցիմ պարոն Փաշինեանի հետ: Մենք այլ ելք չունինք, քան շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումը: Քայլերը, որոնք այնտեղ կը կատարուին, յատկապէս Ղարաբաղի մէջ, սխալ են, ասիկա կարելի չէ հանդուրժել, եւ ատիկա չեն հանդուրժեր նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները: Վաղը կայանալիք բանակցութիւններուն մենք պարոն Փաշինեանին պիտի ըսենք, որ նման ընտրութիւններ ընդունիլը բացարձակապէս անկարելի է: Ընկերները, արեւմտեան երկիրները եւ միւսները, որոնց մենք մինչեւ հիմա հանդիպած ենք, չեն ընդունիր այս ընտրութիւնները: Ասիկա ընտրութիւն չէ, որ կարելի է ընդունիլ», ըսած է Էրտողան:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Զրոյցի ընթացքին անոնք քննարկած են Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ Արցախի մէջ կացութիւնը:
Փաշինեան Ալիեւի Հետ Հրատապ Քննարկումներ
Ունենալու Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է
Շաբաթավերջին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հեռաձայնով քննարկած են Լաչինի ապօրինի փակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խորացող մարդասիրական ճգնաժամին, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ազրպէյճանական զօրքերու կուտակման, Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմանին լարուածութեան ոճի միտումներուն վերաբերող հարցեր:
Ըստ հայկական կողմի, Մաքրոն ընդգծած է, որ սահմաններու երկայնքին լարուածութեան նուազումը անհրաժեշտ է: Փաշինեանն ալ իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնած է լարուածութիւնը նուազեցնելուն ուղղուած հրատապ քննարկումներ ունենալու Ազրպէյճանի նախագահին հետ:


