Հայաստանի պաշտօնատարներու յայտարարութիւնները, թէ Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղը «յանձնած է» Ազրպէյճանին, չեն համապատասխաներ իրականութեան: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Նիւ Տելհիի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Գործիչ մը, կը կարծեմ` խորհրդարանի ղեկավարը, ինքնիրեն արտօնած է ըսել, որ Ռուսիան Ղարաբաղը Ազրպէյճանին տուած է: Աւելի ոչ ճիշդ ու անազնիւ յայտարարութիւն դժուար է պատկերացնել: Ան յղում կատարած է այն փաստին, որ Ղարաբաղը Ռուսիոյ կողմէ տրուած է Ազրպէյճանին, երբ Փութինը, Փաշինեանը եւ Ալիեւը 2020 թուականի նոյեմբերին ստորագրեցին առաջին եռակողմ համաձայնութիւնները: Ատիկա բացարձակապէս չի համապատասխաներ իրականութեան», ըսած է Լաւրով:
«Անոնց մէջ ընդհանրապէս ոչինչ կ՛ըսուի Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին, եւ այն ժամանակ երեք ղեկավարները կը մեկնէին անկէ, որ տակաւին բանակցութիւններ պիտի ըլլան այդ կարգավիճակին շուրջ: Սակայն երբ աւելի ուշ Փրակայի մէջ, ուր Ազրպէյճանի նախագահն ու Հայաստանի վարչապետը ստորագրեցին յայտարարութիւն, ըստ որուն, անոնք կը ճանչնան Ալմա Աթայի 1991 թուականի հռչակագիրը, բոլոր հարցերը փակուեցան», աւելցուցած է Լաւրով:
Ան բացատրած է, որ Հայաստանի վարչապետը այդ ձեւով «ստորագրած է փաստաթուղթ մը, որուն համար, այն ժամանակուան Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը կը գտնուի Ազրպէյճանի կազմին մէջ»:
«Պէտք չէ մեզ մեղադրել 2020 թուականի նոյեմբերին Ղարաբաղը տալու համար, պէտք է սեփական ժողովուրդին առջեւ առանձին պատասխան տալ», եզրափակած է Լաւրով:
Խօսելով Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմափորձերուն մասին` ան ըսած է. «Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի ռազմափորձերը տարօրինակ կը թուին` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Երեւանը արդէն երկու տարիէ ի վեր չի մասնակցիր ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ ռազմափորձերուն` ատիկա բացատրելով անով, որ եթէ ՀԱՊԿ-ն դատապարտէր Ազրպէյճանը, այդ պարագային Հայաստանը պիտի աշխատէր ՀԱՊԿ-ի հետ: Իսկ երբ մենք կը հարցնենք` ինչո՞ւ կը հաղորդակցիք ամերիկացիներու, եւրոպացիներու հետ, որոնք եւս չեն դատապարտած Ազրպէյճանը, կը պատասխանեն. «Անոնք մեր դաշնակիցները չեն, դուք պէտք է դատապարտէք»: Բաւական տարօրինակ, պարզունակ տրամաբանութիւն է», ըսած է Լաւրով:
Ան աւելցուցած է, որ հայ-ամերիկեան ռազմափորձերը Մոսկուայի մօտ ափսոսանք կը յառաջացնեն: «Ի հարկէ, ոչ մէկ լաւ բան կայ անոր մէջ, որ ՕԹԱՆ-ի յարձակողապաշտ երկիրը կը փորձէ ներթափանցել Անդրկովկաս: Եւ ես չեմ կարծեր, որ ատիկա լաւ է ոեւէ մէկու, ներառեալ Հայաստանի համար: Մենք կ՛ափսոսանք Հայաստանի ղեկավարութեան գործողութիւններուն համար», աւելցուցած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
«Ռուսիան յոյսով է, որ Երեւանի հետ դաշնակցային բոլոր պարտաւորութիւնները պիտի գերակայեն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ, Ռուսիան կը գնահատէ այդ յարաբերութիւնները», ընդգծած է Լաւրով:
«Հայաստանի մէջ շատ են քաղաքական գործիչները, որոնք իրենք իրենց կ՛արտօնեն բաւական ամբարտաւան յայտարարութիւններ կատարել Ռուսիոյ հասցէին: Մենք ատիկա կը տեսնենք, եւ այդ ամէնը երէկ չէ, որ սկսած է: Սակայն կը յիշենք նաեւ, որ երբ պարոն Փաշինեանը տակաւին «իշխանութենէն դուրս» քաղաքական գործիչ էր եւ հայ ժողովուրդը «ոտքի կը հանէր», իր կարգախօսներէն մէկը հռչակած է ՀԱՊԿ-էն եւ ԵԱՏՄ-էն դուրս գալը:
«Շատերը ատիկա կը պայմանաւորէին պարզապէս նախընտրական քարոզարշաւով եւ քուէներու համար պայքարով: Հետագային պարոն Փաշինեանը նման միտքեր չէ յայտնած, ներառեալ 2021 թուականին Երեւանի մէջ կայացած ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովի ժամանակ, ուր նախարարներու մակարդակով մենք համաձայնութիւն գոյացուցինք ՀԱՊԿ-ի առաքելութեան Հայաստանի` Ազրպէյճանի հետ սահմանին լիազօրութեան շուրջ: Ամէն ինչ հաւանութեան արժանացած էր: Սակայն առաւօտեան մեր հայ գործընկերները որոշեցին «յետաձգել» այս նիւթը: Մեզ որեւէ բանի համար մեղադրելէ առաջ պէտք է սեփական քայլերը գնահատել», ըսած է Լաւրով:


