«Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը միակողմանի խզեց Փիւնիկի հետ Աբովեանի քաղաքային մարզադաշտը մեզ տրամադրելու պայմանագրութիւնը», յայտնեց Փիւնիկ ֆութպոլի ակումբին սեփականատէր Արթուր Սողոմոնեան:
«Այո՛, տեղեկութիւնը ճիշդ է, բայց այս պահուն որեւէ մեկնաբանութիւն չենք ուզեր կատարել:
«Դժբախտաբար, ֆետերասիոնը իր այս յայտարարութիւնը կատարեց, առանց որեւէ կապ հաստատելու մեզի հետ»:
«Այս մասին կը խօսինք Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարելիք մրցումներէն ետք», ըսաւ Սողոմոնեան:
Նշենք, որ վերջին շրջանին, Փիւնիկի կողմէ սուր քննադատութիւններու կ՛ենթարկուի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը: