Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Եգիպտոսի մէջ, Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը մրցեցաւ Եգիպտոսի 23 տարեկանէն վար հաւաքականին դէմ:
Ստեփան Օգանեսեան, որ Ռուսիոյ հետ կատարեց իր առաջին մրցումը, իր նորամուտը նշեց կոլով մը, երբ 46-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը:
Նշենք, որ 21 տարեկան միջնապահը մաս կը կազմէ ռուսական Օրենպուրկի: