Նախանցեալ օր, Նետերլանտներու Հակը քաղաքին մէջ սկսաւ Եւրոպայի ժիւտոյի երիտասարդական ախոյեանութիւնը:
Մրցումներուն առաջին օրը, 60 քկ դասակարգին մէջ հանդէս եկող Գիւմրիի մարզադպրոցի սան Աշիկ Անդրէեան, արձանագրելէ ետք չորս յաղթանակ, գրաւեց երրորդ դիրքը եւ բնականաբար տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Նշենք, որ անոր եւ հայրենի մնացեալ մարզիկներուն մարզիչն է Նարեկ Սուքիասեան:
60 քկ դասակարգի մրցումներուն պիտի յաջորդեն 73 եւ 81 քկ դասակարգերու մրցումները: