Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ սկսած 2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան` Արժանթին, որ հիւրընկալեց Էքուատորը, արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ախոյեանին յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ ամերիկեան Ինթեր Մայեմիի 36 տարեկան յառաջապահ` Լիոնել Մեսսի, որ 78-րդ վայրկեանին ազատ հարուածով մը նշանակեց սքանչելի կոլ մը:
Նշանակելով իր 65-րդ կոլը` ազատ հարուածով մը, այսպիսով Մեսսի հաւասարեցաւ անգլիացի Տէյվիտ Պեքհամի ցուցանիշին:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Արժանթին հիւրը պիտի ըլլայ Պոլիվիոյ: