Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ յստակացան աղջկանց աւարտական հանգրուանին հասած մարզիկներուն անունները:
2-րդ դասուած Արինա Սապալենքա (Պիելոռուսիա), որ մրցեցաւ ամերիկացի Մետիսըն Քիզի դէմ (17-րդ), արձանագրեց 0-6, 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ մը:
Աւարտականին Սապալենքա իր դէմ պիտի ունենայ 6-րդ դասուած ամերիկացի Քոքօ Կաուֆը, որ իր յաղթանակը արձանագրեց 10-րդ դասուած չեխ Քարոլինա Մուշովայի դէմ, 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով: