Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսքը Արցախահայութեան Ուղղելով` «Միակ Ուղին Երկխօսութիւնն Է Եւ Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Մեր Ապագայի Քննարկումը» Կ՛ըսէ Ճէյհուն Պայրամով

Սեպտեմբեր 7, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Հունգարիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ հարցազրոյց տուած է ազրպէյճանական պետական ԱԶԵՐԹԱՔ լրատու գործակալութեան եւ հունգարական «Մաճիար Տեմոքրաթա» հրատարակութեան:

Պատասխանելով Հարաւային Կովկասի մէջ յետպատերազմեան կարգաւորման ներկայ կացութեան մասին հարցումի մը` Պայրամով ըսած է, որ Ազրպէյճանի դիրքորոշումն է` անցեալին ձգել թշնամութիւնը եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ սկսիլ նոր դարաշրջանի` հիմնուած միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն վրայ, ինչպիսիք են տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան յարգումը:

«Պատերազմի աւարտէն ետք Հայաստանը 2,5 տարուան պէտք ունեցաւ, որպէսզի այդ երկրին վարչապետը վերջապէս, թէկուզ միայն բանաւոր, հանդէս գայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումով` իր կազմին մէջ Ղարաբաղով: Հիմա եկած է բանաւոր ըսուածը պաշտօնական ստորագրութեամբ ամրագրելու ժամանակը», ըսած է Պայրամով:

Խօսելով արցախահայութեան վերահամարկման մասին` ան ըսած է. «Հայերու որոշ ներկայացուցիչներ ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի չարտօնեն կարելիութիւններ, կտրեն այն թելերը, որոնք ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն կրնան նկատուիլ իբրեւ հայ բնակչութեան վերահամարկման հոլովոյթի առաջին քայլերը»:

«Մենք կը շարունակենք Ղարաբաղի հայազգի բնակիչները մեր քաղաքացիները նկատել», ըսած է ան:

Խօսելով Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան մասին` Պայրամով նշած է. «Միակ ուղին երկխօսութիւնն է եւ Ազրպէյճանի կազմին մէջ մեր ապագայի քննարկումը: Այլ բան պարզապէս չկայ, որովհետեւ մնացած ամէն ինչը անօրինական է: Ասիկա մեր կարմիր գիծն է. Ազրպէյճանի տարածքին մէջ այլեւս գորշ գօտիներ պիտի չըլլան»:

Ըստ անոր, Պաքուի դիրքորոշումը բոլոր այլընտրանքային ուղիները օգտագործելն է: Ան Հայաստանը մեղադրած է անոնց շուրջ համաձայնութիւնները խափանելու յանցանքով: Պայրամով պատմած է, որ նախապէս երթուղիներու վերաբերեալ նախնական համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են: «Վերջին պահուն, սակայն, ինչպէս նախապէս, այս պարագային եւս Հայաստանի ղեկավարութիւնը կրկին տապալած է զանոնք», ըսած է Պայրամով:

Անդրադառնալով «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման` ան ըսած է. «2020 թուականի նոյեմբերի եւ 2021 թուականի յունուարի եռակողմ յայտարարութիւններուն հիման վրայ երեք երկիրներու փոխվարչապետներու մակարդակով ստեղծուած է աշխատանքային խումբ: Աշխատանքները կը շարունակուին արդէն շուրջ երեք տարիէ ի վեր»:

Ան բողոքած է, թէ իբրեւ թէ երբ կը զգացուի, որ կողմերը մօտ են գործը աւարտին հասցնելուն, Հայաստանը վերջին պահուն յանկարծ նոր բան յառաջ կը քշէ, ինչ որ հոլովոյթը դարձեալ կը տանի փակուղի:

Պայրամովի համաձայն, նման մօտեցումը կրնայ յանգեցնել անոր, որ Երեւանը փախցնէ երկրի տնտեսութիւնը բարելաւելու եւս մէկ շահաւէտ կարելիութիւն, որովհետեւ ճամբան կրնայ պարզապէս շրջանցել Հայաստանը: «Ազրպէյճանը պիտի շարունակէ աշխատիլ այս ուղղութեամբ` ունենալով Բ. ծրագիր: Իսկ անոր համար նախագիծը պիտի գործադրուի նոյնիսկ առանց Հայաստանի մասնակցութեան, սակայն այդ պարագային անիկա ուղղակի դուրս պիտի մնայ շահառուներու ցանկէն», ըսած է Պայրամով:

 

 

Նախորդը

Պորել. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Կացութիւնը Պատշաճ Կերպով Չլուծելը Կրնայ Ազդել Եւրոպական Միութեան Հետ Կապերուն Վրայ»

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ «Արծիւ Գործընկեր-2023» Հայ-Ամերիկեան Միացեալ Ռազմափորձեր

RelatedPosts

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի  Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը

Օգոստոս 20, 2025
Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը  Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու  Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը  Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»

Օգոստոս 20, 2025
Արաղչի. «Հայաստան Վստահեցուցած Է`  Իր Տարածքով Իրանի Դէմ Սպառնալիք  Երբեք Պիտի Չարտօնէ»
Հայկական

Արաղչի. «Հայաստան Վստահեցուցած Է` Իր Տարածքով Իրանի Դէմ Սպառնալիք Երբեք Պիտի Չարտօնէ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?