Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի անցեալ ուրբաթ օրուան յարձակումին վերաբերեալ «Լուրեր»-ու հարցումին պատասխանելով յայտնած է.
«Մենք ծանօթացած ենք հաղորդագրութիւններուն, եւ մեր անկեղծ ցաւակցութիւնը կը յայտնենք զոհուածներու ընտանիքներուն: Մենք հետեւողականօրէն յայտարարած ենք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է այս վաղեմի տագնապի լուծման համար:
«Տագնապի ռազմական լուծում չի կրնար ըլլալ, եւ վէճերու լուծման համար ուժի կիրարկումը անընդունելի է: Միացեալ Նահանգները կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ Հարաւային Կովկասի մէջ շրջանի խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայի խթանման»:


