ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Մարալ Թորոսեան
Տէր եւ տիկին Պեշիր եւ Նանոր Շահապ եւ զաւակունք
Տիկին Զուարթ Գազէզեան
Տիկին Սալբի Լեւոնեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ Գազէզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վիգէն Գազէզեան եւ զաւակունք
Տիկին Յասմիկ Գազէզեան եւ զաւակը
Թորոսեան ընտանիք
Տիկին Արշօ Վարդանեան եւ զաւակունք
Թորոսեան, Գրմզեան եւ Գազէզեան ընտանիքներ
Վարդանեան, Լեւոնեան եւ Առաքելեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց զաւկին, եղբօր, թոռնիկին եւ հարազատին`
ՑՈԼԱԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1981-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 3 սեպտեմբեր 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 5 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2023-2024
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնը պիտի բոլորէ 11-րդ կրթական տարեշրջանը:
- Հայագիտական կեդրոնը այսուհետեւ պիտի ունենայ Ա., Բ., եւ Գ. դասարաններ:
- Դասաւանդութիւնները կը կատարուին եռօրեայ դրութեամբ` երկուշաբթի, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերուն, ժամը 5:00-7:30:
- Նոր ուսանողներու արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 21 օգոստոս 2023-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00 (բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն):
- Ուսման վարձքը` ձրի:
- Վերամուտ` երկուշաբթի, 16 հոկտեմբեր 2023, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:
ՆՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՈՒՆԵՆԱԼ.
– 1 լուսանկար
– Անձնաթուղթի պատճէն
– Բ. Պաքալորիայի կամ անոր համապատասխանող վկայականի պատճէնը:
- Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001 թիւին:
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնի 2023-2024 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան 27 եւ 29 սեպտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 6:00:
Ա. BT դասարան իր բաժանումներով:
Բ. TS դասարան իր բաժանումներով:
Գ. LT դասարան:
Նորեկ աշակերտներ պարտին իրենց հետ ունենալ`
- Երկու լուսանկար
- Անձնաթուղթի պատճէն
- Նախկին դպրոցի հաստատագիր (վաւերացուած` կրթութեան նախարարութեան կողմէ):
* ՎԵՐԱՄՈՒՏ
– 6 հոկտեմբեր 2023, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 6:00: Ծանօթացում ուսուցիչներու եւ ծրագիրներու:
– 11 հոկտեմբեր 2023, դասաւանդութեան սկիզբ:
| Մանկավարժական կեդրոնը սերտօրէն կը գործակցի կաթողիկոսարանի Հայագիտականկեդրոնին հետ: |
* Մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն.
04/410001 կամ 03/627986:
ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԱԶԳ. ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կ՛ուզէ՞ք ձեր զաւակները յաճախեն
քոլեճ մը, որ
1.- Ունի մանկամսուրէն ԺԲ. դասարան (SE, GS, LS)
2.- Ունի STEM ծրագիրը բոլոր դասարաններուն համար:
3.- Օտարահպատակներուն համար ունի «Օտար ծրագիր»:
4.- Մտային մարտահրաւէրներ դիմագրաւող աշակերտներու համար ունի յատուկ ծրագիր:
5.- Լիբանանեան պետական պաքալորէայի 100 առ հարիւր յաջողութիւն:
6.- Կը ջամբէ բարձրորակ կրթութիւն` նուազագոյն սակերով:
7.- Ապահոված է պասերու յարմար սակացոյց:
8.- Օժտուած է solar system-ով:
9.- Ունի ընդարձակ եւ կանաչապատ դաշտեր:
Ուրեմն, անյապաղ դիմեցէ՛ք Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
Արձանագրութիւնները` 1 սեպտեմբերէն սկսեալ ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00:
ԾԱՆՕԹ.- 1.- Բողբոջ դասարանի կրթաթոշակը ձրի է 2023-2024 տարեշրջանին համար:
2.- Մանկամսուր կ՛ընդունուին 6 ամսականէն սկսեալ մանուկներ:
Տըպպայէ, հեռաձայն 01-542037
—————————————
«ՑՈԼՔԵՐ ՈՍՊՆԵԱԿԻՍ ԸՆԴՄԷՋԷՆ»
Հեղինակ` ՅԱԿՈԲ ՏԷՐԵԱՆ
Նիւ Ճըրզի, 2023


