Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը սկսած է այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ ինք խօսքի կառավարութիւն է եւ ոչ թէ գործի:
Այս շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ կառավարութեան մօտ ելեկտրականութեան թղթածրարը միակ փշոտ հարցը չէ, այլ` հսկայ տարակարծութիւն պատճառող հարցերէն մէկը:
Հարցազրոյցին ընթացքին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ նաեւ այլ հարցերու: Հարցազրոյցին ամբողջական կերպով կ՛անդրադառնանք մեր վաղուան թիւով:


