Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Աստուածածնայ Աւետման Տօնին Առիթով` Պքերքէի Մէջ Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողով

March 27, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Աստուածածնայ Աւետման տօնին եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին ընտրութեան Ա. տարեդարձին առիթով` անցեալ կիրակի օր Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, ալեւիներու խորհուրդի նախագահ շէյխ Ասատ Ասի, ինչպէս նաեւ լիբանանցի այլ հոգեւոր պետերու  ներկայացուցիչներ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները եւ շեշտուեցաւ սահմանադրական հաստատութիւններուն ու բանակին կառչած մնալու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ամրապնդել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

Իսլամեւքրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն խորհրդակցական այս վեհաժողովին ընթացքին, Ռայի պատրիարքը շեշտեց բոլոր հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու համար լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը:

Վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի հոգեւոր պետերը խստիւ կը դատապարտեն Սուրիոյ մէջ գործադրուող բռնարարքները եւ ցաւ կը յայտնեն արձանագրուող զոհերուն համար: Անոնք ցաւ յայտնեցին նաեւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող բռնարարքներուն եւ պայթումներուն շարունակութեան համար:

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ նաեւ, որ Լիբանան իր ներքին բոլոր հարցերը լուծելու միայն մէկ միջոց ունի, որն է երկխօսութիւնը:

Հոգեւոր պետերը դրուատեցին նաեւ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն կողմէ որդեգրուած միջոցառումները` պահպանելու համար լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը պահանջեց նաեւ վերջ տալ պաղեստինեան հողերուն իսրայէլեան բռնագրաւումին, ինչպէս նաեւ պահանջեց հիմնել Պաղեստինի պետութիւնը` մայրաքաղաք Երուսաղէմով:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ հոգեւոր պետերը ցաւ յայտնած են ղպտիներու հոգեւոր պետ Շնոտա Գ. պապին վախճանումին համար եւ իրենց ցաւակցութիւնները յղած են Եգիպտոսին ու ղպտի եկեղեցւոյ:

Պէտք է աւելցնել, որ այդ հաղորդագրութեան վերաբերեալ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի գրասենեակը հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ վեհաժողովին ընթացքին շէյխ Հասան մաղթած է, որ Պքերքէէն բխած հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուի Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում տալու, սակայն անոր մաղթանքը նկատի չէ առնուած: «Բայց եւ այնպէս մենք կը մաղթենք, որ լիբանանցի հոգեւոր պետերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները շարունակուին` ապահովելու համար Լիբանանի շահերն ու անոր բարգաւաճումը», նշուեցաւ շէյխ Հասանի հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, Ս. Աստուածածնայ Աւետման տօնին առիթով Պքերքէի մէջ մատուցուած պատարագին ընթացքին Ռայի պատրիարքը արտասանեց քարոզ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի իւրաքանչիւր յարանուանութեան, կուսակցութեան, անհատի եւ խմբաւորումի: «Հետեւաբար Լիբանանի մէջ անկարելի է քաղաքացիները պատժել, զանոնք ջնջել կամ անտեսել անոնց կրօնին, տեսակէտներուն կամ մշակոյթին պատճառով: Մենք կտրականապէս կը մերժենք կրօնի կամ քաղաքակրթութեան առումով արձանագրուող երկփեղկումն ու թշնամանքը, որովհետեւ Լիբանանի պատգամը իր բազմազանութեամբ հանդերձ ունեցած ազգային միասնականութիւնն է», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Այս առիթով Ռայի պատրիարքը վերանորոգեց իր յայտարարած «Համագործակցութիւն եւ սէր» կարգախօսը:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Ս. Աստուածածնայ Աւետման տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ իր բարեմաղթութիւնները յղեց անոնց: Նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց նաեւ Ռայի պատրիարքը` անոր կողմէ մարոնի համայնքի պատրիարքութեան ստանձնումին Ա. տարեդարձին առիթով:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շաբաթավերջին կատարած իր յայտարարութեան մէջ նկատել տուաւ, որ Ռայի պատրիարքին կեցուածքներուն նկատմամբ վերջերս իր ունեցած հակազդեցութիւնը սուր էր` աւելցնելով սակայն, որ այդ հակազդեցութեան սրութիւնը Պքերքէի եւ մարոնի պատրիարքութեան նկատմամբ իր սիրոյն եւ յարգանքին հետ նոյն նժարին վրայ կը դասուի: ժահժահ շեշտեց, որ ինք մնայուն կերպով կը յարգէ Պքերքէն` ընդգծելով, որ իր եւ Պքերքէի միջեւ տագնապ կամ գժտութիւն գոյութիւն չունի:

Իր կարգին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն այցելեց Պքերքէ եւ ներկայ գտնուեցաւ Ս. Աստուածածնայ Աւետման տօնին առիթով մատուցուած պատարագին, ապա ան շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը` իր պաշտօնակալութեան ստանձնելու Ա. տարեդարձին առիթով:

Անդրադառնալով այդ պատարագէն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն բացակայութեան` զօր. Աուն յայտնեց, որ այդ բացակայութիւնը քաղաքական հարց է:

ՆՇԵՆՔ, որ Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ շաբաթավերջին պիտի մեկնի Թուրքիա: Անպաշտօն աղբիւրներ կը նախատեսեն նաեւ, որ ան Անտիոքի մէջ նախագահէ Ծաղկազարդի առիթով մատուցուելիք պատարագին: Այս առիթով Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Թուրքիա իր կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նախորդը

«ԱԶԱՏ ՕՐ»-ի Հարցազրոյցը ԼՂՀ Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հետ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Կառավարութեան Դէմ Դատ Բանալու Հայոց Պատրիարքարանին Խիզախ Քայլը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.