Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Կը զօրակցինք Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիոյ հետ հաղորդակցութիւններու խորացման, անիկա կրնայ շինիչ եւ օգտակար դեր ունենալ»:
Ան նաեւ նշեց, որ Մոսկուա հետաքրքրուած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումը դիւրացնելով: «Մենք հետաքրքրուած ենք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն կարգաւորումով, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու համաձայնութիւններու, ներառեալ հաղորդակցութեան ճամբաներու ապաշրջափակման իրագործումով», յայտարարեց Լաւրով:
«Մենք քննարկած ենք Ռուսիոյ նախագահին նախաձեռնութիւնը` կազմակերպելու մինչեւ մէկ միլիոն թոն ռուսական հացահատիկի աժան գինով մատակարարումները Թուրքիա` թրքական գործարաններուն մէջ հետագայ վերամշակման եւ աշխարհի ամէնէն կարիքաւոր երկիրներ առաքելու համար: Հարցը քննարկուած է նաեւ Քաթարի մեր ընկերներուն հետ, որոնք պատրաստ են մասնակցելու այս նախաձեռնութեան ֆինանսաւորման աշխատանքներուն», ըսաւ Լաւրով:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Ռուսիան անյապաղ պիտի վերադառնայ հացահատիկի գործարքին, անմիջապէս որ կատարուին Ռուսիա-ՄԱԿ յուշագիրի բոլոր կէտերը, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի նոր առաջարկները, սակայն, այդ գործարքը խոստումներ կը պարունակէր, սակայն ոչ երաշխիքներ: