Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 27, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆՁՆԱԿԱՆ հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն երէկ մասնակցեցաւ Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած նստացոյցին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց կառավարութեան բաւարար ֆինանսաւորում տրամադրելու` երաշխաւորելու համար հիւանդանոցներու մէջ աշխատող պաշտօնեաներուն իրաւունքները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է լուրջ աշխատանք տանի` զանց առնելով քաղաքական եւ ընտրական բոլոր հաշիւները: Ան շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ Սուրիոյ տագնապին միջամուխ ըլլալու իրականութիւնը Լիբանանը մեծ վտանգներու դէմ յանդիման կը դնէ:

ԱՆՑԵԱԼ կիրակի օր Պէյրութի ճարտարապետներու սենտիքայի ընտրութիւններուն ընթացքին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն առաջադրած անուանացանկը ջախջախիչ յաղթանակ արձանագրեց` յաջողցնելով իր բոլոր թեկնածուները: Ճարտարապետներու սենտիքայի նորընտիր անդամներն են. Ժորժ Ֆղալի, Ժահիտա Այթանի, Մարուան Շարուֆ, Մուղայէր Սնժապէ եւ Միշել Մաթթա:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան գումարելիք նիստէն 48 ժամ առաջ արդէն իսկ ջանքեր ի գործ կը դրուին արգիլելու համար իշխանամէտ քաղաքական ուժերուն միջեւ արձանագրուելիք հաւանական մագլցումները:

ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ մարզի պատասխանատուները յայտարարեցին, որ յառաջիկայ 2, 3 եւ 4 ապրիլին գործադուլ պիտի կատարեն ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական խորհրդաժողովի մը ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն շրջագիծին մէջ յայտնեց, որ իրենց համար առաջնահերթութիւնը Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումն է: Ան աւելցուց, որ սուրիական տագնապը Լիբանան հասցնելու փորձերը կարմիր գիծեր են, որոնց պէտք չէ մօտենալ իսկ: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան անշեղ պէտք է մնայ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութենէն, ինչպէս նաեւ իրեն յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքներուն զօրակցութենէն:

ԸՍՏ «Հայաթ» օրաթերթին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպումին ընթացքին երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտած է, որ իրենք ճիգ չեն խնայեր Լիբանանի մէջ տարածուած փտածութեան դէմ պայքարելու:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել կոչ ուղղեց լիբանանցի երիտասարդներուն տոկալու ու դիմանալու երկրին դժուարութիւններուն եւ ոչ թէ արտագաղթի դիմելու:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը վստահութիւն չի ներշնչեր` աւելցնելով, որ իրենք չափաւորական մօտեցում կը ցուցաբերեն Լիբանանի վերաբերող բոլոր թղթածրարներուն պարագային:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթ. «Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի դէմ արշաւը իր իսկութեան մէջ կը շրջանցէ ելեկտրական հոսանքի հարցը եւ կը հասնի մինչեւ պետական նշանակումներու թղթածրարը»:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ոչ մէկ նպատակ ունի իր թեկնածութիւնը առաջադրելու յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է վերադառնայ արդիւնաւէտ դառնալու իր ընթացքին:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ հակառակ կատարուած միջնորդութիւններուն, Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ մը նշանակելու հոլովոյթը կը մնայ տեղքայլի մէջ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի մօտիկ աղբիւրներ զարմանք յայտնեցին, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը խանգարէ ելեկտրական հոսանքի բարելաւման ի խնդիր գործող յանձնախումբին աշխատանքը:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ ինք կը պատկանի քաղաքական որոշ հոսանքի մը, «սակայն դատաւորներու ընտրութիւնս զուտ դատական իշխանութիւններուն մէջ ծառայելու սկզբունքով կը կատարեմ», աւելցուց ան:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» քուէյթեան օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթէն, յայտնեց, որ Իսրայէլ զգուշացուցած է Լիբանանը ` «Հողի օր»-ուան առիթով յառաջիկայ ուրբաթ օր տեղի ունենալիք ցոյցերուն ընթացքին ցուցարարներուն Լիբանան-Իսրայէլ սահմանամերձ շրջան հասնելէն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի հարցը լուծելու:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու յայտնեց, որ Իրան հինէն ի վեր կը ծրագրէ իսլամական աշխարհին մէջ փոքրամասնութիւնները հրահրել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ փոփոխութիւնը ոսկիէ առիթ մըն է` վերականգնելու համար երկրին խաղաղութիւնը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը վերջ գտած է եւ Դամասկոս կը գտնուի իսկական բարեկարգումի դէմ յանդիման:

 

 

Նախորդը

Նախարար Սապունճեան Այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին

Յաջորդը

«Յուսահատութենէ Եւ Չքաւորութենէ Դէպի Ինքնաբաւութիւն Եւ Յոյս»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.