Հայաստանի ֆութսալի ախոյեան Երեւան աւարտեց իր ելոյթները, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութսալի Ա. հանգրուանի մրցումներուն գծով, առանց յաղթանակ արձանագրել կարենալու:
Է. խմբակին մէջ իր կատարած երրորդ եւ վերջին մրցումին, հայրենի կազմը 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ֆիորենթինոյի հետ (Սան Մարինօ):
Իր կատարած առաջին մրցումին, Երեւան 8-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր ԱԷԼ Լիմասոլէն (Կիպրոս), մինչ երկրորդին արձանագրած էր 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն մը` զուիցերիական Միներվայի հետ:


