Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարուղարութիւնը յայտնեց, որ 29-31 օգոստոսին Երեւանի Միքա մարզահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ ըմբշամարտի միջազգային յուշամրցաշարք մը, նուիրուած` հայրենի վաստակաւոր մարզիչ Անդրանիկ Հարոյեանի յիշատակին:
Նշուեցաւ, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ըմբիշներ Հայաստանէն եւ արտասահմանէն:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ մրցումներուն մուտքը պիտի ըլլայ անվճար:


