Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Պէտք Է Նասրալլայի Հետ Հանդիպիլ` Նախագահի Ընտրութեան Եւ Լիբանանի Ապագային Համար»

August 26, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ այսօր երկրին մէջ ոչ ոք կը փափաքի համաձայնիլ, սակայն համաձայնութեան կարիքը մեծ է:

«Պէտք է համաձայնիլ հայրենիքի շահերուն համար եւ ոչ թէ այս կամ այն քաղաքական կողմի շահերուն համար: Պէտք է իմանալ, որ արտաքին տարազներ կարելի չէ պարտադրել Լիբանանին: Ճիշդ է, որ արտաքին օժանդակութիւններուն սպասելը բնական է, սակայն պէտք չէ սպասել արտաքին որոշումներու», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը յաջողցնելու նպատակով գործող հինգ պետութիւններուն միջեւ տարակարծութիւնը յստակ է:

«Յստակ է նաեւ, որ անոնք աճապարուած չեն, իսկ Լիբանանի տագնապի լուծման համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի կողմէ հանրապետութեան նախագահի յատկանիշներուն մասին հարցումները կը փաստեն, թէ միջազգային մակարդակով գոյացած փոխըմբռնումները տակաւին պակասաւոր են եւ չեն հասունցած: Իսկ կարգ մը քաղաքական ուժերու կողմէ այդ հարցումներուն անտեսումը ցոյց կու տայ անոնց անտարբերութիւնը: Կարծէք ոչ ոք կը փափաքի անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարել», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ անհամաձայն գտնուեցաւ այն հաւանականութեան, որ հարուած մը կամ հսկայական տարողութեամբ միջադէպ մը պատճառ պիտի դառնան, որ նախագահական ընտրութիւն կատարուի: «Չեմ փափաքիր հաւատալ եւ եզրակացնել, թէ միայն արիւնահեղութենէ կամ պատերազմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահ ընտրել: Թաէֆի համաձայնագիրէն ետք բազմաթիւ առիթներու կարելի եղաւ նախագահական ընտրութիւն կատարել` համաձայնութիւն գոյացնելով: Էլիաս Հըրաուի եւ զօր. Էմիլ Լահուտ ընտրուեցան սուրիական հոգատարութիւնը վայելող համաձայնութիւններով, զօր. Միշել Աունը եւ զօր. Միշել Սլէյմանը` ներքին լիբանանեան համաձայնութիւններով: Արիւնահեղութիւն պատճառող գործողութիւններու հրահանգի կարիք չունինք նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար: Այդ ընտրութիւնը կրնայ խաղաղօրէն կատարուիլ, սակայն կարգ մը քաղաքական ուժեր կը մերժեն հաւատալ այս ճշմարտութեան», հաստատեց ան:

Ժոմպլաթ նշեց, որ իրեն համար անհասկնալի են քրիստոնեայ կարգ մը քաղաքական ուժերու կողմէ երկխօսութիւնը մերժելու կեցուածքները` աւելցնելով, որ երկխօսութիւնը այլընտրանք չունի: «Համաձայնութեան յանգիլը անխուսափելի է: Պէտք է նստիլ եւ խօսակցիլ, ապա տեսնել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ: Ճիշդ է, որ Հըզպալլա առաջադրած է Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը եւ կառչած կը մնայ անոր, սակայն եթէ անոր հետ նստինք ու խօսակցինք, ապա կարելի է միջին լուծումի յանգիլ: Բացարձակ մերժողականութիւնը կը բարդացնէ տագնապը եւ անոր լուծում չ՛ապահովեր, մինչդեռ երկխօսութեամբ կարելի է նախագահական ընտրութեան իմաստով այլ թեկնածուի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել: Պէտք է հանդիպիլ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ` ոչ միայն հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան, այլեւ` Լիբանանի ապագային համար», հաստատեց Ժոմպլաթ:

Ան մտահոգութիւն յայտնեց այն անորոշութենէն, որուն ուղղութեամբ կը փորձեն մղել նախագահական ընտրութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանան կրնայ այդ իրավիճակէն դուրս չգալ:

«Անցեալի նման չկան երկիրներ, որոնք պատրաստ են Լիբանանին լուծում պարտադրել: Սուրիան գոյութիւն չունի եւ անիկա չի կրնար առանձինն լուծում պարտադրել, ինչպէս էր պարագան 1990-ին, կամ 1976-ին արաբներուն հետ: Տակաւին ինծի համար անհասկնալի է, թէ ինչո՛ւ արաբները Լիբանանէն հրաժարած են եւ զայն լքած: Իսկ ամէնէն աւելի անհանդուրժելին այն է, որ լիբանանցիները կարողութիւն չունին փրկելու իրենց երկիրը: Այս տրամաբանութիւնը մեզի կը վերադարձնէ տիրապետութիւններու փուլին, երբ օսմանցիներն ու եւրոպական վեց երկիրները իրենց տիրապետութիւնը բանեցուցին Լիբանանի վրայ` վարչական խորհուրդով մը, որ դիմացաւ մինչեւ 1909, իսկ երիտասարդ թուրքերու ու Իթթիհատ վէ թերաքքը կուսակցութեան երեւան գալէն ետք Ապտիւլ Համիտ Բ. սուլթանը տապալեցաւ եւ Օսմանեան սահմանադրութիւն յայտարարուեցաւ: Արտաքին երաշխիքները անբաւարար են եւ երկարատեւ չեն կրնար ըլլալ, եւ նման լուծումներու վերադարձը այլեւս անցեալին մաս կը կազմէ», նշեց Ժոմպլաթ:

Նախորդը

Պայսարի. «Յանձնառու Կը Մնանք Զինուորականներուն Հետ` Օժանդակութիւնները Անոնց Տրամադրելու»

Յաջորդը

Մանսուրի. «Պետական Մարզի Պաշտօնէութեան Ամսական Աշխատավարձը Պիտի Վճարուի Տոլարով»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.