Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութսալի ախոյեան Երեւան Կիպրոսի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութսալի զտումի մրցաշարքին:
Է. խմբակին մաս կազմող Երեւան, որ իր կատարած առաջին մրցումին իր դէմ ունեցաւ կիպրական «ԱԷԼ» Լիմասոլը, անկէ կրեց 8-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Հայրենի կազմին յաջորդ մրցակիցները պիտի ըլլան զուիցերիական Միներվան եւ Ֆիորենթինոն (Սան Մարինօ):
Նշենք, որ իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքը գրաւող խումբերը միայն կ՛ապահովեն յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսը: