Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ԱՊՀ-ի եւ ֆրանսախօս երկիրներու 9-րդ խաղերուն մետալներու տիրացած մարզիկները` ներկայութեամբ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեանի:
Ողջունելով մարզիկները եւ շնորհաւորելով անոնց վերջին յաջողութիւններն ու ձեռք ձգած արդիւնքները` նախարարը ընդգծեց, որ 2023 տարին մարզական յաջողութիւններու առումով արդէն իսկ առանձնայատուկ է:
Նախարարին համաձայն, արդէն իսկ գերազանցուած է նախորդ տարուան (307 մետալ) մրցանշային ցուցանիշը եւ բարձրացած 327 մետալի: