Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող ֆրանսացի 21 տարեկան յառաջապահ Հիւկօ Էքիթիքէ շատ հաւանաբար միանայ Ա. Սէ. Միլանի:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ֆութպոլիստը տարեշրջանի մը համար փոխ պիտի տրուի միլանեան ակումբին, որմէ ետք ան պաշտօնապէս պիտի ստորագրէ անոր տոմարներուն վրայ:
Նախորդ տարեշրջանին Էքիթիքէ իր մասնակցութիւնը բերաւ 32 մրցումի, նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ:
«Թրանսֆերմարքթ» ֆութպոլիստին փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 20 միլիոն եւրոյով: