Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ իտալական Եուվենթուսին մաս կազմող յետսապահ Լէոնարտօ Պոնուչի շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ «Պունտըսլիկա»-ին մէջ` մաս կազմելով Իւնիոն Պերլինին:
Ըստ իտալական մարզական մամուլին, գերմանական ակումբը պատրաստ է բանակցելու իտալացիին հետ, սակայն ան ցարդ վերջնական որոշում մը չէ տուած այդ ուղղութեամբ:
Վերջերս կը նշուէր, որ ան շատ հաւանաբար միանայ Այաքս Ամսթերտամին (Նետերլանտներ):
Թէեւ ան մինչեւ 2024 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Եուվենթուսի հետ, սակայն ակումբին ղեկավարութիւնը որոշած է 36 տարեկան Պոնուչին հեռացնել հիմնական կազմէն: