Փորթուգալցի 28 տարեկան միջնապահ Օթաւիօ փորթուգալեան Փորթոյէն տեղափոխուեցաւ Նասըր, այս մասին յայտնեց սէուտական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, անոր փոխանցման համար Նասըր վճարեց 60 միլիոն եւրօ, ինչ որ կը նկատուի Փորթոյի ամէնէն սուղ փոխանցումը:
Օթաւիօ, որ Փորթոյին մաս կը կազմէ 2014-էն ի վեր, 283 մրցումի ընթացքին նշանակեց 30 կոլ եւ կատարեց 75 էսիսթ:
Նշուեցաւ, որ Նասըրի հետ ան դաշտ պիտի ներկայանայ թիւ 25 մարզաշապիկով: