Անգլիական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ շուտով պիտի ունենայ իր նոր սեփականատէրը:
Քաթարցի շէյխ Ժասեմ պըն Համատ պըն Խալիֆա Բ. մտադիր է մինչեւ յառաջիկայ հոկտեմբերի կէսը, աւարտել 6 միլիառ փաունտով ակումբը գնելու գործընթացը:
Նշուեցաւ, որ ակումբին այժմու սեփականատէր Կլէյզըրներու ընտանիքը յառաջիկայ ամիս պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ Մանչեսթըր Եունայթըտը քաթարցիին ծախելու մասին: