Մանչեսթըր Եունայթըտի անգլիացի միջնապահ Մէյսըն Մաունթ Թոթենհամի դէմ մրցումին վիրաւորուած ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ այս շաբաթավերջին Նոթինկհամ Ֆորեսթի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն:
Շատ հաւանաբար ան ֆութպոլի դաշտերը վերադառնայ սեպտեմբերեան միջազգային դադարէն ետք:
24 տարեկան ֆութպոլիստը մանչեսթըրեան ակումբին հիմնական կազմին մէջ էր տարեշրջանի առաջին երկու մրցումներուն:
Նշենք, որ այս ամրան ընթացքին ան լոնտոնեան Չելսիէն միացաւ մանչեսթըրեան ակումբ` փոխան 64,2 միլիոն եւրոյի: