Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահ Ֆրանց Պեքընպաուըրի առողջական վիճակը վատթարացած է, այս մասին յայտնեց Պայէրն Միւնիխի գերմանացի նախկին միջնապահ Լոթար Մաթէուս:
«Անոր առողջութիւն մաղթենք, որպէսզի հին Ֆրանցը վերադառնայ` անցեալի իր ունեցած ուժով:
Ան միշտ կ՛ըսէր, որ առողջութիւնը ամէն բանէ վեր է, բայց ներկայիս ան այդ առողջութեան պակասը ունի:
«Ֆրանցը լաւ չէ. յուսանք կը լաւանայ», ըսաւ Լոթար Մաթէուս:
77 տարեկան Պեքընպաուըր, որ 2009-էն ի վեր Պայէրն Միւնիխի պատուոյ նախագահն է, տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու թէ՛ իբրեւ ֆութպոլիստ, թէ՛ իբրեւ մարզիչ: