Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի լիբանանեան բանակի օդուժին պատկանող ուղղաթիռի ջախջախումէն անմիջապէս ետք ընկերային ցանցերուն մէջ կատարեց գրառում մը, որուն ընդմէջէն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց բանակի օդուժին մէջ ծառայող նահատակ երկու սպաներու ընտանիքներուն եւ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւոր զինուորին:


