
Չորեքշաբթի, 23 օգոստոս 2023-ի գիշերը լիբանանեան բանակի օդուժին պատկանող ուղղաթիռ մը ջախջախուեցաւ Համմանայի շրջանին մէջ` պատճառելով երկու սպաներ Ժոզեֆ Հաննայի եւ Ռիշար Սաապի նահատակութիւնը:
Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ ուղղաթիռին մէջ գտնուած է նաեւ երրորդ զինուոր մը` Ահմետ Սայտահ, որ վիրաւորուած է` ինքզինք ուղղաթիռէն դուրս նետելուն պատճառով:
Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, ուղղաթիռի ջախջախումի պատճառին մասին կայ երկու վարկած, որոնցմէ առաջինը այն է, թէ ուղղաթիռը թեքնիք խանգարում ունեցած է, իսկ երկրորդը` մշուշը խափանած է օդաչուներու տեսողութիւնը, եւ ուղղաթիռը բախած է ծառի մը ու ջախջախուած:
Բանակի հրամանատարութիւնը գուժեց Ժոզեֆ Հաննայի եւ Ռիշար Սաապի մահը` հաստատելով, որ անոնք նահատակութենէ ետք կ՛արժանանան զինուորական բարձրագոյն աստիճանին:
Այս առիթով պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Համմանայի մէջ երկու սպաներուն նահատակութեան առիթով:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ զօր. Աունի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց երկու օդաչուներուն նահատակութեան առիթով, ինչպէս նաեւ ապաքինում մաղթեց վիրաւոր զինուորին:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի զօր. Աունի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին հարց տուաւ դէպքին մանրամասնութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց օդաչուներուն նահատակութեան առիթով:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը խորազգաց ցաւակցութիւն յայտնեց զօր. Աունի եւ Ժոզեֆ Հաննայի ու Ռիշար Սաապի ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւոր զինուորին:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ցաւակցութիւն յայտնեց Ժոզեֆ Հաննայի ու Ռիշար Սաապի նահատակութեան առիթով եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւոր բանակայինին:
Իրենք կարգին, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ Սամի Ապի Մունա, փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլաս, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ եւ այլ պատասխանատու պաշտօնատարներ ցաւակցութիւն յայտնեցին զօր. Աունին:


