Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թոթալ» Ընկերութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Միքաթիի Եւ Ֆայեատի

August 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց ֆրանսական «Թոթալ» ընկերութեան մէկ պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Լիբանանի մէջ «Թոթալ Էնըրճիզ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռոման Լամարթինիէ, նաւթի պեղման Միջին Արեւելքի ընդհանուր տնօրէն Լորան Վիվիէ եւ նաւթի պեղման Ասիոյ ընդհանուր տնօրէն Ժուլիեն Պուժիէ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի նաւթի մարզի տնօրէն խորհուրդի նախագահ Ուիսամ Զահապի:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի վերահաստատեց, որ այսօր սկսելիք հորատման աշխատանքները Լիբանանի համար լուսաւոր փուլ մը կը բանան:

Ան մաղթեց, որ այս աշխատանքները ուրախ աւարտ մը ունենան` Լիբանանին տրամադրելով այն պաշարները, որոնք անհրաժեշտ են երկրի տագնապներուն լուծման եւ վերականգնումին համար:

Միքաթի հաստատեց, որ բոլորը պէտք է վեր բարձրանան իրենց անձնական շահերէն եւ այս ծրագիրին հետ վարուին իբրեւ նուաճում մը, որ բոլոր լիբանանցիներուն կը վերաբերի եւ հիմնական է երկրին տնտեսական զարթօնքին համար:

Նոյն պատուիրակութիւնը ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այն նախապատրաստութիւնները, որոնք կատարուած են` այսօր սկսելու համար նաւթահորի հորատման աշխատանքներուն:

Հանդիպումէն ետք Ֆայեատ շեշտեց, որ «այսօր` 24 օգոստոս 2023-ը պատմական թուական պիտի ըլլայ Լիբանանի համար` աւելցնելով, որ 67 օր ետք կարելի պիտի ըլլայ յայտարարել կատարուած հորատումին արդիւնքները, եւ կը մաղթենք, որ անոնք յուսադրիչ ըլլան լիբանանցիներուն համար»:

Ֆայեատ նշեց, որ «Թոթալ» ընկերութիւնը յանձնառու եւ արհեստավարժ է այս իմաստով` աւելցնելով, որ մինչեւ օրս ակնկալութիւնները դրական են` հորատումի արդիւնքներուն վերաբերեալ:

 

Նախորդը

Ամերիկեան Ճնշումներուն Պատճառով Պու Հապիպի Նիւ Եորք Այցելութիւնը Կ՛ուշանայ

Յաջորդը

Միքաթի Քննարկեց Առողջապահական, Քաղաքական Եւ Ընկերային Հարցեր

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.