Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Քննարկեց Առողջապահական, Քաղաքական Եւ Ընկերային Հարցեր

August 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատը, որուն հետ քննարկեց առողջապահութեան մարզը յուզող հարցերը, յատկապէս ներկայիս «Քորոնա» համաճարակի արձանագրած աշխուժութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Ապիատ յայտնեց, որ ընդհանրապէս ամրան «Քորոնա» ժահրով վարակուողներու թիւի յաւելում կ՛արձանագրուի, եւ առողջապահութեան նախարարութիւնը հիւանդանոցներուն հետ կը հետեւի վարակուած բոլոր պարագաներուն:

Ապիատ շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանի հիւանդանոցներուն մէջ գտնուող «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը տակաւին հակակշիռի տակ կը գտնուի` աւելցնելով, որ քիչեր են անոնք, որոնք վերակենդանացման բաժանմունքի կարիք ունին:

Ապիատ նկատել տուաւ նաեւ, որ Միքաթիի հետ քննարկած է քաղցկեղի դեղերուն վերաբերող հարցը` շեշտելով, որ քաղցկեղի դեղորայք ներածող ընկերութիւններու սենտիքային հետ ուրբաթ օր տեղի ունենալիք ժողովին ընթացքին յստակ ու վերջնական որոշումներ պիտի տրուին այդ իմաստով:

Քաղցկեղի դեղորայքի տագնապին անդրադառնալով` Ապիատ յայտնեց, որ այդ տեղեկութիւնները անճիշդ են` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ քաղցկեղի դեղերուն մեծամասնութիւնը կայ:

Ապիատ յայտնեց, որ քննարկուած է նաեւ երիկամ լուացող հիւանդներու հարցը` ընդգծելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի, որ հիւանդները տուժած դուրս չգան տրուելիք որոշումներէն:

Ապիատ յայտնեց նաեւ, որ Միքաթիին տեղեկութիւններ ներկայացուցած է կառավարական կարգ մը հիւանդանոցներու մէջ գործադրուելիք նոր ծրագիրներուն եւ ծառայութիւններուն մասին:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան երեսփոխաններ Եասին Եասին եւ Պիլալ Հշայմի` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ արաբական աշիրեթներու համադաշնակցութեան նախագահ շէյխ Ժասեմ Ասքարի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Արեւմտեան Պեքաայի մէջ պատահած միջադէպն ու անոր լուծման կարելիութիւնները:

Եասին պահանջեց միջադէպին մասին թափանցիկ եւ արդար հետաքննութիւն կատարել:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Ժամաա Իսլամիէի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Ժամաա Իսլամիէի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ալի Ապու Եասինի եւ ներկայութեամբ երեսփոխան Իմատ Հութի:

Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, եւ ընդգծուեցաւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարը շարունակելու կարեւորութիւնը:

Միքաթիի այցելուներէն եղան նաեւ Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մարի Թերեզ Քաուուալ, ինչպէս նաեւ Աւելի աղքատ ընտանիքներու օժանդակութեան լիբանանեան-ամերիկեան միութեան նախագահ Ուասիմ Քապպարա:

Նախորդը

«Թոթալ» Ընկերութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Միքաթիի Եւ Ֆայեատի

Յաջորդը

Լիւքսամպուրկ Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ` Երաշխաւորելու Բերձորի Միջանցքով Տեղաշարժի Ազատութիւնը

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.