ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2023-2024
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնը պիտի բոլորէ 11-րդ կրթական տարեշրջանը:
- Հայագիտական կեդրոնը այսուհետեւ պիտի ունենայ Ա., Բ., եւ Գ. դասարաններ:
- Դասաւանդութիւնները կը կատարուին եռօրեայ դրութեամբ` երկուշաբթի, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերուն, ժամը 5:00-7:30:
- Նոր ուսանողներու արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 21 օգոստոս 2023-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00 (բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն):
- Ուսման վարձքը` ձրի:
- Վերամուտ` երկուշաբթի, 16 հոկտեմբեր 2023, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:
ՆՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՈՒՆԵՆԱԼ.
– 1 լուսանկար
– Անձնաթուղթի պատճէն
– Բ. Պաքալորիայի կամ անոր համապատասխանող վկայականի պատճէնը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001 թիւին:
ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնի 2023-2024 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան 27 եւ 29 սեպտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 6:00:
Ա. BT դասարան իր բաժանումներով:
Բ. TS դասարան իր բաժանումներով:
Գ. LT դասարան:
Նորեկ աշակերտներ պարտին իրենց հետ ունենալ`
- Երկու լուսանկար
- Անձնաթուղթի պատճէն
- Նախկին դպրոցի հաստատագիր (վաւերացուած` կրթութեան նախարարութեան կողմէ):
* ՎԵՐԱՄՈՒՏ
– 6 հոկտեմբեր 2023, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 6:00: Ծանօթացում ուսուցիչներու եւ ծրագիրներու:
– 11 հոկտեմբեր 2023, դասաւանդութեան սկիզբ:
| Մանկավարժական կեդրոնը սերտօրէն կը գործակցի կաթողիկոսարանի Հայագիտականկեդրոնին հետ: |
* Մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն.
04/410001 կամ 03/627986:
ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տիար Ժէրար Թիւֆէնքճեան եւ ընտանիք շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե- նամակով, ընկերային ցանցերու միջոցով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց եղբօր` ԻՎԱՆ ԹԻՒՖԷՆՔՃԵԱՆԻ մահուան սուգին:

