Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հրապարակած է տեսանիւթ մը, ուր կը ներկայացուի Ազրպէյճանի իշխանութիւններու գործողութիւններուն պատճառով Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը:
«Հայաստանը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղած է` անդրադառնալու ութ ամիս շրջափակման մէջ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սրող մարդասիրական ճգնաժամին:
«Դեկտեմբերին Ազրպէյճանը փակեց շրջանը կապող միակ մայրուղին` խստօրէն սահմանափակելով սնունդի, դեղորայքի եւ այլ պաշարներու տեղաշարժը շուրջ 120.000 մարդոց համար: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր Հայաստանն ու Ազրպէյճանը բազմաթիւ պատերազմներ վարած են տարածքներու համար, որոնցմէ ամէնէն վերջինը տեղի ունեցաւ 2020 թուականին:
«Մենք չենք կրնար ընդունիլ Հայոց նոր ցեղասպանութիւնը 2023 թուականին», կ՛ըսուի հրապարակումին մէջ: