Ֆրանսայի Հանրապետութեան Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնան եւ Չինաստանի ժողովրդական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Կը նշուի, որ ի շարս այլ երկկողմ եւ բազմակողմ համագործակցութեան առնչուող հարցերու, Ֆրանսայի եւ Չինաստանի դիւանագիտութեան պետերը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի, Ուքրանիոյ եւ Նիկերի մէջ տիրող կացութիւնը:
Երկու նախարարները համաձայնած են շարունակել այս բոլոր հարցերուն շուրջ երկխօսութիւնը: