Պաքուն Հայաստանէն կրկին պահանջած է ճանչնալ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, հրաժարիլ «Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային նկրտումներէն» եւ իր զինեալ ուժերը դուրս բերել «Ազրպէյճանի տարածքէն»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Այլ ուղի չկայ», պնդած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ «Տը Նեշընըլ Ինթըրըսթ»-ի մէջ հրապարակած յօդուածին մէջ:
«Հայաստանի իշխանութիւններու բանաւոր յայտարարութիւնները` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու մասին, պէտք է ձեւակերպուին խաղաղութեան համաձայնագիրն մէջ: Ազրպէյճանը կատարած է խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ առաջին քայլերը, գնդակը հիմա Հայաստանի դաշտին մէջ է», նշած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնականը:
Միւս կողմէ, Հաճիեւ յայտարարած է, թէ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները Արցախի բնակիչներուն Աղտամի ճամբայէն բացի առաջարկած են նաեւ Ֆիզուլի-Շուշի ճամբան: Հաճիեւի համաձայն, այդ առաջարկը Պաքուն մտադիր էր Ստեփանակերտի հետ քննարկել Եւլախի մէջ:
«5 օգոստոսին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն մարդասիրական օգնութիւնը Խանքենդի (Ստեփանակերտ, «Ա.») պիտի հասցնէ այս (Ֆիզուլի-Շուշի, «Ա.») ճամբով: Ասոր շարունակութեամբ մենք համաձայնած ենք, որ 24 ժամ ետք Ազրպէյճանի սահմանային եւ մաքսային դրութիւններու, օրէնքներու պահպանումով պիտի բացուի Լաչին-Խանքենդի ճամբան: Իբրեւ այս համաձայնագիրի անբաժանելի մաս` կը նախատեսուէր Եւլախ քաղաքին մէջ հանդիպում կատարել Ազրպէյճանի ներկայացուցիչի եւ Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերու ներկայացուցիչի միջեւ, ուր մենք պատրաստ էինք քննարկել վերահամարկման բոլոր նախագիծերը, ինչպէս նաեւ ընկերային ենթակառոյցները», պատմած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնականը, սակայն չէ յստակացուցած, թէ որո՛ւ հետ ձեռք բերուած է իր յիշատակած «համաձայնութիւնը»:


