14 օգոստոսին, ժամը 00:27-ին Շիրակի մարզային փրկարարական վարչութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւան-Գիւմրի ճամբուն վրայ` Լանջիկ գիւղին մօտ, տեղի ունեցած է ահաւոր արկած մը:
Այս մասին կը յայտնեն Փրկարար ծառայութենէն:
Դէպքի վայր մեկնած են ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան մարզային փրկարարական վարչութեան գործնական մէկ խումբը եւ հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական խումբ:
Պարզուած է, որ Երեւան-Գիւմրի ճամբու 90-րդ քիլոմեթրին վրայ բախած են «Վոլքսվակըն» մակնիշի մինիպասմը եւ «ԶԻԼ» մակնիշի բեռնատար մը:
Ահաւոր արկածին պատճառով զոհուած է 11 քաղաքացի: 6 հոգի կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ:


