ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Երկու յօդուածներ, որոնց առաջինին հեղինակն է ռուսական միջազգային վարկ ունեցող, ըստ իս կիսապաշտօնական, յայտնի մարտավարական հիմնարկին՝ «Վալտայ քննարկումի ակումբ» ծրագիրի տնօրէն Թիմոֆէի Պորտաչեւ (Valdai Club Program Director Timofei Bordachev), որ 8 յունիս 2023-ին հետեւեալ նախաբանով գրած է. «Շատ հաւանական է, որ միջազգային քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ այժմ կը թեւակոխէ զարգացման նոր փուլ, որ կը բնութագրուի այս կամ այն ձեւով աւարտին հասած* ամենամեծ եւ ամենայայտնի տարածաշրջանային հակամարտութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» (1)։ Այստեղ շեշտը կը դնեմ «աւարտին հասած» անընդունելի բնորոշումին վրայ, որ սակայն եզրակացութեան մէջ հեղինակը ինքզինք կը հակասէ եւ կ՛ըսէ. «Սակայն, կը մնայ տեսնել, թէ որքանո՞վ կայուն է այս հաւանական լուծումը»:

Յօդուածը ամբողջութեամբ չքմեղանք մըն է, արդարացումի ձախող փորձ մը՝ դաշնակից Ռուսիոյ բացասական, այլեւ «անտարբեր» թուացող դերակատարութեան մասին՝ 2020-ի Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ ոչ նուազ կարեւոր՝ անոր հետեւող ցարդ շարունակուող հայկական կողմին համար ահաւոր զարգացումներուն:
Թէեւ բացայայտ կերպով չ՛ըսեր, որ Հայաստանի այս վարչախումբը իր դաշնակից Ռուսիոյ դէմ դաւելով` հակառուս, «արեւմտեան» օրակարգով, «յեղափոխութիւնով» իշխանութեան հասաւ եւ իրողապէս Ռուսիան գրեթէ ձեռնածալ մնաց, որ «Արեւմո՞ւտքը» փրկէ Արցախն ու Հայաստանը: Սակայն կ՛եզրակացնէ, որ իբր թէ այս հակամարտութեան աւարտը, առանց միջազգային ուժերու միջամտութեան, իր աւարտին, հասաւ: Ոչ մէկ նշում ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ ՏԱՀԵՇ ահաբեկիչներուն ուղղակի մասնակցութեան… Վերջապէս, կը մոռնայ նշելու, որ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ դադրեցաւ պատերազմը: Ստորեւ Վալտայի կայքէջէն անգլերէնէ կը թարգմանեմ լրիւ յօդուածը` տեղւոյն վրայ ճշդումներով.
«Միջազգային յարաբերութիւններու գիտութիւնը յարաբերական դիւրութեամբ կը զբաղի մեծ պետութիւններու հակամարտութիւններուն հարցով։ Անոնց բախումները շահերու եւ արժէքներու շուրջ, իբրեւ գործնական մարմնացում, կրնան այս կամ այն տարածքին ճակատագիրը որոշել, սակայն միշտ ապահովութեան խնդիրն է առանցքայինը: Տարածքի նկատմամբ վերահսկողութիւնը այստեղ երկրորդական նշանակութիւն ունի, եւ առճակատման բնոյթը կը վերաբերի միջազգային քաղաքականութեան վրայ անոր ազդեցութեան ընդհանուր խնդիրներուն եւ մասնակիցներուն ռազմավարական տեսանկիւնէն գոյատեւման*»։
*Այսինքն ըսել կ՛ուզէ, որ Արցախի եւ նոյնիսկ Հայաստանի տարածքը իրենց համար «երկրորդական նշանակութիւն ունի»: Ճիշդ չէ: Այրած սրտի մխիթարանք մըն է այս, քանի որ ռուսական ազդեցութեան գօտիին նուազումն է պատահածը` ի շահ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ: Իրականութեան մէջ, իր այս խօսքերով, «Արեւմուտք»-ին թեզն ու նպատակն է, որ կը պաշտպանէ, որոնց համար Արցախի կամ Հայաստանի գոյութիւնը երկրորդական է, քանի որ անոնց վերացումը կը տկարացնէ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ եւ կը մեկուսացնէ Իրանը` փակելով անոր հիւսիսային ցամաքի ճամբաներէն մէկը դէպի Սեւ ծով: Այս մասին է խորագիրիս երկրորդ յօդուածը, որուն պիտի անդրադառնամ յաջորդիւ: «Նման հակամարտութիւնները, ըլլան անոնք ռազմական, թէ դիւանագիտական, յաճախ կը վերածուին լուրջ պատերազմներու: Սակայն հակառակորդներուն հնարաւորութիւններուն յարաբերական հզօրութեան եւ, ամենակարեւորը, դիմացինին բաղդատմամբ գերազանցութեան պատճառով է, որ հակամարտութիւնը կ՛ընթանայ եւ կը լուծուի երկու կողմերու յարաբերութիւններու ծիրին մէջ: Այսպիսի հակամարտութիւնները իրենց բնոյթով եւ ընթացքը որոշող գործօններով իրարու կը նմանին: Անոնք կանոնի մը կը հետեւին, որ կը դիւրացնէ կանխատեսումներ կատարել` օգտագործելով միջազգային յարաբերութիւններու գիտութեան մեթոտաբանական գործիքները*»:
* Հապա ո՞ւր մնացին դաշնակիցները… Ճակատող կողմերը հակառակորդին դաշնակիցին(ներուն) հաշիւը ի մտի չե՞ն ունենար… Այսպէս, առանձի՞ն կը ձգուին կողմերը, որպէսզի դաշնակիցներով աւելի ուժե՞ղը յաղթէ… Անշո՛ւշտ ոչ: Իրականութեան չի համապատասխաներ այս: Ռուսիա երեք անգամ փորձեց կասեցնել պատերազմը եւ չորրորդին` 44 օր ետք միայն յաջողեցաւ. առաջին փորձը 4 օր ետք էր, սակայն հակառակ ծանր կորուստներուն, «Հայաստանի գերագոյն հրամանատար»` գերագոյն պատուհաս Փաշինեանն էր, որ միշտ մերժեց որեւէ զինադադար, որպէսզի թշնամին շարունակէ ջարդը եւ գրաւէ Արցախը…
«Իրավիճակը տեսակ մը աւելի բարդ է այն պարագաներուն, երբ խօսքը կը վերաբերի պետութիւններու, որոնց հաւաքական ուժային հնարաւորութիւնները լուրջ նշանակութիւն չունին ուժերու միջազգային հաւասարակշռութեան համար: Նման հակամարտութիւնները սկզբունքային չեն իրենց մասնակիցներու շահերուն տեսանկիւնէն եւ տեղի կ՛ունենան շատ յստակ պատճառով, որ միշտ տարածքային խնդիր է:
«Հակառակորդ կողմերը չեն ձեւանար հակամարտութեան ընթացքին լուծել իրենց հիմնական անվտանգութեան խնդիրները: Ամէն պարագայի, անոնք իրենց կամքէն կախեալ չեն, իսկ փոքր եւ նոյնիսկ միջին պետութիւններուն գոյատեւումը միջազգային իրավիճակին ընդհանուր զարգացումէն կախեալ է: Քանի որ շեշտը դրուած է շատ յստակ խնդիրի վրայ, որ ծագած է եզակի հանգամանքներէ, այս հակամարտութիւններէն իւրաքանչիւրին ճակատագիրը իւրայատուկ է»: Այստեղ հարցականի տակ կ՛առնէ «նոյնիսկ միջին պետութիւններուն գոյատեւումը», անոնք պարզապէս կրնան զոհուիլ, կամ` գոյատեւել»: Ո՞ւր մնաց ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւն ըլլալը, ո՞ւր մնացին միջազգային կանոնները, «Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը» եւ դիմացինին «Հողային ամբողջականութիւն»-ը:
«Շատ հաւանական է, որ միջազգային քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ այժմ կը թեւակոխէ զարգացման նոր փուլ, որ կը բնութագրուի այս կամ այն ձեւով աւարտին հասած ամենամեծ եւ ամենայայտնի տարածաշրջանային հակամարտութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ազրպէյճանի մէջ այս հայաբնակ շրջանին* (region within Azerbaijan) ճակատագիրին համար ճակատումը աւելի քան երեք տասնամեակ եղած է կեդրոնական գործօն ամբողջ տարածաշրջանի կեանքին մէջ»:
*Հեղինակը կը մոռնայ նշելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի նախորդ կարգավիճակը ինքնավար մարզ էր, եւ ոչ թէ` «Ազրպէյճանի մէջ հայաբնակ շրջան մը»: Ռուսիոյ նախագահ Փութին արցախեան վերջին պատերազմին ընթացքին, 22 հոկտեմբեր 2020-ին տեղի ունեցած նոյն այս Վալտայ միջազգային քննարկումի ակումբին բեմէն պատմական իրականութիւնները նշեց (2), (3) այսպէս. «Սակայն, վստահաբար, մենք չենք կրնար մոռնալ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայ ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան մասին, որ հայ ժողովուրդին համար հսկայական ողբերգութիւն է: Այս մէկը (հարցումիդ պատասխան) երկրորդ մասն է: (Այսինքն իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ մենք յատուկ կեցուածք ունինք): «Երրորդ մասը հիմնուած է այն փաստին վրայ, որ այս հակամարտութիւնը բռնկեցաւ ոչ միայն իբրեւ միջպետական հակամարտութիւն կամ տարածքներու համար պայքար: Ան սկսաւ իբրեւ ցեղային հակամարտութիւն: Ցաւալիօրէն փաստ է նաեւ, որ վայրագ ոճիրներ գործադրուեցան հայ ժողովուրդին դէմ (Ազրպէյճանի կողմէ) նախ Սումկայիթի մէջ եւ ետքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այս բոլորը պէտք է հիմք ընդունինք՝ մէկ պարունակի մէջ», ըսաւ Փութին: «Փաստօրէն, 1991-ին անկախութիւն ձեռք բերելէ ետք, այդ (Ղարաբաղի հարցը) երկու դրացի պետութիւններուն զարգացման ամենակարեւոր գործօնն էր: Այդ է որ, կազմաւորեց անոնց արտաքին քաղաքական շահերուն համակարգը եւ որոշեց քաղաքական ուղղութեան զարգացումը, տնտեսական կապերը եւ ռազմական պատրաստութիւնը:
«Ընդհանրապէս, նախկին Ռուսական կայսրութեան եւ Խորհրդային Միութեան՝ ԽՍՀՄ տարածքին մէջ, նոր անկախ պետութիւններու կազմաւորումը գործընթացին վերջին փուլն էր, որ ծաւալեցաւ 20-րդ դարու մեծ մասին մէջ եւ համաշխարհային բնոյթ ունէր։ Ատոր տարբերող առանձնայատկութիւնը այն էր, որ նոր երկիրները ոչ թէ գաղութարար կայսրութիւններու փլուզումին հետեւանքն էին, ինչպէս էր պարագան Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ, եւ շատ աւելի առաջ՝ Լատին Ամերիկայի մէջ, այլ արդէն պաշտօնապէս եղած էին ԽՍՀՄ-ի անդամ՝ միջազգային յարաբերութիւններով գերիշխան միաւորներ»: Ծիծաղելի է խորհրդային երկիրները գերիշխան միաւորներ կոչելը, դժուար թէ ոեւէ մէկը հաւատայ:
«Այլ խօսքով, անոնց հողային սահմանները ոչ թէ որոշուեցան այդ պետութիւններուն յայտնուելուն ժամանակ, այլ շատ աւելի առաջ՝ միութենական հանրապետութիւններուն միջեւ սահմաններու հաստատման ընթացքին։ Մեզի յայտնի միակ նման օրինակը դաշնակցային Եուկոսլաւիոյ ճակատագիրն է, որ 1990-ականներուն ապրեցաւ արիւնալի պատերազմներու շարք մը, որուն հիմնական պատճառը ազգային պատկանելիութեան ենթահողով բաժանումներն էին։ Սակայն այս պարագային, հիմնական հակամարտութիւնները լուծուեցան բաւական արագ, այն պատճառով, որ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոմիութեան առաջնորդող պետութիւնները կրցան որոշել իրենց դիրքորոշումը եւ սատարել պատերազմող կողմերէն մէկուն պարտութեան: Թէեւ այս պարագային Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի, ինչպէս նաեւ Քոսովոյի ճակատագիրը տակաւին ճշդուած չէ, վերջնական չէ»։ Այս մասին կարդալ «Ազդակ բացառիկ 2023»-ին մէջ լոյս տեսած 30 նոյեմբեր 2022-ի ծաւալուն ուսումնասիրութիւնս՝ «Հայաստան-Արցախ-Հայ դատ Եւ Ռուսիա-Ուքրանիա-Խրիմ-Տոնպաս զուգահեռները եւ աշխարհաքաղաքականութիւնը» (4):
«Նախկին ԽՍՀՄ-ի պարագային, բոլոր տարածքային հակամարտութիւնները, որոնք ծագեցան մէկ պետութեան փլուզման ժամանակ, ըստ ընդունուած արտայայտութեան, «սառեցուած» էին, այսինքն երկար ժամանակ` առանց որոշ փոփոխութեան: Այժմ մենք ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս կ՛աւարտի այս փուլը: Թրանսնիստրիոյ կացութիւնը, Վրաստանի եւ անոր նախկին ինքնավարութիւններու յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ մինչեւ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը լուծումի մը չյանգելուն հիմնական պատճառը շեշտակի արտաքին ուժի մը բացակայութիւնն է, որ կրնար կողմերէն մէկը պարտութեան մատնել*: Ուզենք, թէ չուզենք, պատմութեան մէջ չենք տեսած ազգային-ցեղային եւ տարածքային ենթահողով հակամարտութեան օրինակներ, որոնք լուծուած են հակառակորդ կողմերուն փոխադարձ գոհունակութեամբ: Անոր հետեւանքը միշտ անարդար է, եւ միակ հարցն այն է, թէ արդեօ՞ք կատարուած անարդարութեան հետեւանքը կարելի է պահպանել բաւարար երկար ժամանակ»: *Ազրպէյճանին օգնեցին ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան, Իսրայէլը եւ ՏԱՀԵՇը:

«Արեւմտեան Եւրոպայի պետութիւնները նոյնպէս անցած են իրենց ցեղային սահմաններու որոշման փուլերէն: Սակայն ԽՍՀՄ-ի պարագային, սկզբունքային կարեւորութիւն չունէր այս կամ այն տարածքին պատկանելիութիւնը, որոշ հանրապետութիւններու համար, միջնադարեան եւրոպական համակարգը յստակ ազգային սահմանազատում չէր գիտեր: Ուստի Եւրոպայի մէջ ժամանակակից ազգային պետութիւններու կազմաւորման փուլին անոնք նաեւ բախեցան այս առարկայական խնդիրին: Շատ մը պարագաներուն հարցը կը լուծուէր բռնութեամբ` մեծ ու փոքր պատերազմներով: Այստեղ յատկապէս կարեւոր դեր խաղացին 20-րդ դարու երկու համաշխարհային պատերազմները: Անոնց պատճառով բնակչութեան զգալի զանգուածներ արհեստականօրէն տեղահանուեցան իրենց նախկին հողերէն: Ահա թէ ինչո՛ւ արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներուն համար ցեղային խիստ բաժանումը այնքան ալ ողբերգական չէ, քանի որ իրենք ալ այս փուլէն անցած են վերջին 200 տարիներուն ընթացքին:
«Նախկին ԽՍՀՄ-ի պարագային, այսպիսի ընթացք անկարելի էր, քանի որ ուժային առումով, սահմանուած չէր բացարձակ առաջնորդի մը գոյութիւնը* (բռնապետ), որուն ապահովական շահերը կ՛որոշէին փոքր եւ նոյնիսկ միջին դրացիներուն ճակատագիրը: Արեւմտեան երկիրները կը ձգտէին Մոլտովայի, Վրաստանի կամ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրները լուծել սովորական ձեւով` ազգային փոքրամասնութիւններուն համար վատ լուծումներով, սակայն չկրցան ամբողջութեամբ գործադրել ռուսական գործօնին պատճառով: Իսկ Ռուսիան ալ պատրաստ չէր հանդէս գալ իբրեւ իշխանութիւն մը, որ կրնար կողմերէն մէկուն անխուսափելիօրէն անարդար որոշում մը պարտադրել»**:
*Հեղինակը կրկին անգամ անճիշդ հաստատումներ կը կատարէ: Նախ` վրացի Ստալինը ի՛նքը, որ 3 ապրիլ 1922-էն 16 հոկտեմբեր 1952` ԽՍՀՄ-ի բացարձակ բռնապետն էր, 1924-ին Լեռնային Ղարաբաղը եւ Նախիջեւանը` իբրեւ ինքնավար մարզեր, յանձնեց նորաստեղծ Ազրպէյճանին, եւ Ախալքալաքը` Վրաստանին, եւ ինչպէս վերի քարտէսը, որ ԽՍՀՄ մուտք գործած ժամանակուան Հայաստանն էր, ցոյց կու տայ` Կարս, Արտահան եւ Սուրմալու, Հայաստանի Հանրապետութեան նահանգները Արարատ լեռով, Անիով ու Սարիղամիշով` նուէր տուաւ պարտուած Թուրքիոյ: Իսկ Ստալինին յաջորդող ուքրանացի Նիքիթա Խրուշչովն էր, որ 26 ապրիլ 1954-ին Խրիմը նուիրեց Ուքրանիոյ: *Միա՛յն վերջին նախադասութիւնը ճիշդ ու տրամաբանական է. «Իսկ Ռուսիան ալ…», որ արդարացնելու համար մնացեալ սխալաբանութիւնները յօրինած է: Սակայն յստակ է, որ Արցախի պատահածէն գոհ չէ, քանի որ «Արեւմուտքին կողմէ ազգային փոքրամասնութիւններուն համար վատ լուծումներէն» էր այս:
Միայն մէկ տեղ կարելի եղաւ (որոշում մը պարտադրել), նախկին վրացական ինքնավարութիւններուն պարագային էր` Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ, որոնք ուղղակիօրէն Ռուսիոյ հետ սահման ունին: Միւս երկու պարագաներուն` Թրանսնիստրիայի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ռուսական ազդեցութիւնը բաւարար էր Արեւմուտքին թոյլ չտալու` իրականացնել իր ծրագիրը, սակայն` ոչ այնքան գերիշխող, որ կարենար առանձին լուծել վէճերը: Աւելի՛ն. Ռուսիան պատրաստ չէ նման հակամարտութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ ընթանալու` ենթադրաբար անխուսափելի անարդար լուծումով:
«Հետեւանքը այն էր, որ մասնակիցները, այս կամ այն չափով, առանձին ձգուեցան: Խօսքը յատկապէս կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ հակամարտութեան, ուր ի տարբերութիւն Թրանսնիստրիոյ, մինչեւ նոյեմբեր 2020 ռուսական ռազմական ներկայութիւն չկար: (Ռուսական բանակը) Այնտեղ հասաւ միայն, երբ (ազերիներուն կողմէ) որոշուեցաւ այս հակամարտութիւնը լուծել ռազմական միջոցով` 2020-ի աշնան, խնդիրին ամենակարեւոր մասնակիցներուն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կատաղի բախումէն ետք:
«Այսպիսով, ղարաբաղեան հակամարտութիւնը իսկապէս այն օրինակն է, ուր արտաքին հզօր խաղացողներուն անմիջական ազդեցութիւնը նուազագոյնն էր: Ըստ երեւոյթին, այս էր պատճառը, որ կացութիւնը կը զարգանայ հիմնական հակամարտող կողմերուն երկկողմանի յարաբերութիւններու մակարդակով: Արտաքին ուժերը, նոյնիսկ` ամենահզօրը, չեն կրնար վճռական ազդեցութիւն ունենալ անոր զարգացումին վրայ: Սակայն կը մնայ տեսնել, թէ որքանո՞վ կայուն է այս հաւանական լուծումը»: Վերջ յօդուածին:
Կարելի է եզրակացնել, որ Պորտաչեւ վերջաւորութեան, անուղղակիօրէն, Արցախի 44-օրեայ պատերազմին հայկական կողմին կորուստը եւ դաշնակից ռուսական կողմին կրաւորական կեցուածքը կը վերագրէ Արցախը Ռուսիոյ հետ սահման չունենալուն` բաղդատելով Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ հետ, որոնք ինքնորոշման իրաւունքով, ռուսական ուժերուն ուղղակի մասնակցութեամբ առայժմ դուրս եկան Վրաստանի կազմէն: Լաւ կ՛ըլլար, որ նախագահ Փութինին նման` պատմական իրականութիւններու վրայ հիմնէր այս յօդուածը` Արցախի վիճակը նմանցնելով Խրիմի վիճակին, զերծ` դարձդարձիկ աւելորդաբանութիւններէ:
30 յունիս 2023
* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումները հեղինակին կողմէ:
- https://valdaiclub.com/a/highlights/the-karabakh-problem-and-the-nature-of-internation/
- http://en.kremlin.ru/events/president/news/64261
- https://www.aztagdaily.com/archives/516918
- https://haroutchekijian.wordpress.com/2022/11/30/հայաստան-արցախ-հայ-դատ-եւ-ռուսիա-ուքրա/