ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍՈՒՐԷՆ ՄԿՐՏԻՉ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 6 օգոստոս 2023-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
Ցաւակցութիւնները` կ՛ընդունուին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, պատարագէն ետք մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00 եւ երկուշաբթի կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՍԸՐԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 6 օգոստոս 2023-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՅԱԿՈԲ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 6 օգոստոս 2023-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Սարգիսեան ընտանիքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին, Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանին, Սուրէն արք. Գաթարոյեանին, Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին, հոգեւորականաց դասուն, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ԱՌԻ-ի (Արցախ Ռութց Ինվեսթմընթ) վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ելեկտրոնային նամակով, ընկերային ցանցերու միջոցներով կամ այլապէս մասնակից եղան ՍՈՒՐԷՆ ՄԿՐՏԻՉ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Խաչեր Մարկոսեանի մահուան առիթով եւ փոխան ծաղկեպսակի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
– Սարգիս Սիմիթեան եւ ընտանիք 100$, տիկին Սօսի եւ տիար Արմէն Պալեան 500.000 լ. ո., Լիտիա Ճորճես եւ ընտանիք 200.000 լ. ո., Լիւսի եւ Հիշամ Հաննա 20$, Սիւզի, Նաթալի եւ Թամար Խտըշեաններ 20$, տոքթ. Վիգէն Գայթանճեան 200.000 լ. ո.:
Խաչեր Մարկոսեանի մահուան առիթով եւ փոխան ծաղկեպսակի հետեւեալ նուիրատուութիւնները կատարուած են Ազունիէի Հայ Ազգային բուժարանին.
Տիկին Շողիկ Տէր Գալուստեան 150$, «Խտըշեան» շէնքի բնակիչներ 50$, տէր եւ տիկին Աշոտ Մսըրլեան 20$, տիկին Վիգի Խտըշեան 100$, տիկին Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան եւ ընտանիք 200$:
—————————————
ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԿԱԽԱՐԴԱՆՔԸ
ԵՌԱՄԱՍ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Գ.
ԹԵՒԱԲԵԿ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐՈՒ
ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ
2023
Ստանալու համար դիմել`
- Կաթողիկոսարանի գրատուն
- Համազգայինի գրախանութ
—————————————