Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խրիմի Կամուրջը Յարձակումի Ենթարկուեցաւ

July 18, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խրիմի կամուրջին վրայ տեղի ունեցած արտակարգ պատահարին պատճառը ուքրանական իշխանութիւններուն կողմէ գործուած ահաբեկչական յարձակումն է: Այս մասին յայտնեց Խրիմի խորհրդարանի ղեկավար Վլատիմիր Քոնսթանթինով:

«Այս գիշեր Քիեւի ահաբեկչական վարչակարգը նոր յանցագործութիւն կատարած է` յարձակում գործուած է Խրիմի կամուրջին վրայ: Քիեւը չէր կրնար չիմանալ, որ կամուրջի ինքնաշարժային հատուածը բացառապէս քաղաքային կառոյց է», «Թելեկրամ»-ի վրայ գրեց Քոնսթանթինով:

Քոնսթանթինով բացատրած է, որ կամուրջի երկաթուղին չէ վնասուած, Խրիմը Ռուսիոյ կապուած է հիւսիսային միջանցքով, կայ նաեւ լաստանաւային ծառայութեան կարելիութիւն, ուստի Խրիմը մեկուսացուած չէ:

Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութեան աղբիւրները ՌԲԿ «Ուքրանիա»-ին յայտնեցին, որ Խրիմի կամուրջին դէմ գիշերային յարձակումը Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու ծովուժի եւ Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութեան յատուկ գործողութիւնն էր:

«Կամուրջը յարձակումի ենթարկուած է անօդաչու թռչող սարքերու օգնութեամբ, կամուրջին հասնիլը դժուար եղած է, սակայն ի վերջոյ կարելի եղած է», ըսած է աղբիւրը:

Ուքրանիոյ գլխաւոր հետախուզութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Անտրէյ Եուսով մեկնաբանած է Խրիմի կամուրջին վրայ յարձակումը` մէջբերելով հետախուզութեան պետ Քիրիլ Պուտանովի «այս կառոյցը աւելորդ է» խօսքերը:

«Քորեսփոնտենթ» հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ Հարաւային պաշտպանական ուժերու մամլոյ կեդրոնի ղեկավար Նաթալիա Կումենիուք յայտարարած է, որ Խրիմի կամուրջին վրայ պայթումը կրնայ ռուսական բեմագրութիւն ըլլալ:

Երկուշաբթի առաւօտեան Խրիմի ղեկավար Սերկէյ Աքսիոնով յայտնած է Քերչի նեղուցէն անցնող կամուրջին վրայ արտակարգ միջադէպի մասին: Երթեւեկը ժամանակաւորապէս դադրեցուած է: Դէպքին պատճառով մահացած է Պելկորոտի շրջանի բնակիչ ամուսնական զոյգ մը: Անոնց երեխան վիրաւորուած է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մեկնաբանելով տեղի ունեցածը յայտնած է, որ Խրիմի կամուրջին վրայ ահաբեկչութիւն կատարուած է ամերիկեան եւ բրիտանական հետախուզական ծառայութիւններու մասնակցութեամբ:

«(Քիեւի) վարչակարգը ահաբեկչական է եւ ունի միջազգային կազմակերպուած յանցագործ խումբի բոլոր յատկանիշերը: Որոշումները կու տան ուքրանացի պաշտօնատարները եւ զինուորականները` ամերիկեան եւ բրիտանական հետախուզական գործակալութիւններու եւ քաղաքական գործիչներու անմիջական մասնակցութեամբ: Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան կը ղեկավարեն ահաբեկչական պետական կառոյցը», «Թելեկրամ»-ի վրայ գրեց ան:

Իրան Կը Դատապարտէ

Իրանի իշխանութիւններուն կարծիքով` Խրիմի կամուրջի վրայ գործուած ահաբեկչական յարձակումը կը խաթարէ միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը: «Ֆարս» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի:

«Ուքրանիոյ մէջ տագնապի սրման ուղղուած որեւէ գործողութիւն մենք կը նկատենք ապակառուցողական եւ միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը խաթարող: Տագնապի սրումը Թեհրանի մէջ անհանգստութիւն կը յառաջացնէ», ըսած է ան:

Քենաանի նաեւ յայտարարած է, որ Իրանը կը մերժէ տագնապի կողմերէն մէկուն «արգիլուած զէնք» ուղարկելու մասին վերջերս տրուած որոշումը:

 

 

Նախորդը

Ելըն. «Ուքրանիոյ Յատկացուած Արեւմտեան Ելեւմտական Հսկայական Աջակցութիւնը Ի Վնաս Զարգացող Երկիրներուն Չէ»

Յաջորդը

Քրեմլին. «Հացահատիկի Գործարք»-ը Դադրեցուած Է»

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.