«Հացահատիկի գործարք»-ի համաձայնութիւնները դադրած են գործելէ, գործարքը դադրեցուած է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Փաստացի սեւծովեան համաձայնութիւնները այսօր դադրած են գործելէ: Ինչպէս նախապէս Ռուսիոյ նախագահը ըսած էր, վերջնաժամկէտը 17 յուլիսն է: Ցաւօք, Ռուսիոյ վերաբերող հատուածը մինչեւ օրս չէ կատարուած, հետեւաբար ատոր գործողութիւնը դադրեցուած է», բացատրած է Քրեմլինի բանբերը:
Փեսքով ընդգծած է, որ անմիջապէս որ համաձայնութիւններու ռուսական մասը կատարուի, Ռուսիա «անյապաղ պիտի վերադառնայ այս գործարքի իրականացման»:
Սեւծովեան նախաձեռնութիւնը, որ ստորագրուած է 22 յուլիս 2022-ին, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ուքրանիոյ եւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն կողմէ, կը ներառէր ուքրանական հացահատիկի եւ պարէնի, ինչպէս նաեւ պարարտանիւթերու արտահանումը Սեւ ծովուն ճամբով: Ատիկա թղթածրարային գործարքի մէկ մասն էր: Երկրորդ մասը` Ռուսիա-ՄԱԿ յուշագիրը, որ նախատեսուած է երեք տարուան համար, կը նախատեսէ սննդամթերքի եւ պարարտանիւթերու ռուսական արտահանման ապաշրջափակում, Ռուսիոյ գիւղատնտեսական դրամատան վերամիացում ՍՈՒԻՖԹ-ին, գիւղատնտեսական ճարտարագիտութեան, պահեստամասերու եւ ծառայութիւններու մատակարարումներու վերականգնում, ինչպէս նաեւ Թոլիաթի-Օտեսա ամոնիաքային խողովակաշարի շահագործման վերականգնում: