Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան ղեկավար այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի միջազգային հարցերով աւագ խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի յայտարարած է, որ Իրանն ու Ռուսիան պէտք է զգօն ըլլան ՕԹԱՆ-ի դաւադրութիւններուն եւ հարաւկովկասեան շրջանի ապագային վերաբերեալ:
«Թասնիմ» լրատու գործակալութեան կայքին վրայ հրապարակուած յօդուածին մէջ Վիլայեթի կը նշէ, որ Իրան դէմ է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ կապի ստեղծման:
«Ատոր դէմ արտայայտուողները կ՛ըսեն, որ եթէ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Նախիջեւանի միջեւ կապերու դիւրացում պիտի ըլլայ, ապա դրացիներու կողմէ հայկական տարածքի զգալի հատուածի բռնագրաւման կարիք չկայ: Այս բոլոր կարելիութիւնները, ինչպիսիք են կազի փոխանցումը, ելեկտրականութեան հոսքը, տարանցիկ երթուղին եւ այլն, կարելի է դիւրութեամբ հասանելի դարձնել` չխախտելով Հայաստանի գերիշխանութիւնը, եւ ատիկա ընդունուած բան է երկիրներու պարագային:
«Շատ դէտեր զարմացած էին, թէ ինչո՛ւ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնները այդքան կը պնդեն առնչութիւն ունեցող կողմերու միջեւ լարուածութեան աճի կարելիութեան վրայ: Աստիճանաբար իրողութիւնները յայտնի դարձան, եւ փորձագէտները յանգեցան այն եզրակացութեան, որ Նախիջեւանը Ազրպէյճանին միացնող այս ընդարձակ կապերու նպատակը այն է, որ նախ Հայաստանը բաժնեն երկու մասի, եւ երկրորդը` բաժնեն Իրանն ու Հայաստանը` կտրելով կապը, որ սկիզբ կ՛առնէ Աքեմենեան եւ Պարթեւական կայսրութիւններու դարաշրջանէն: Երրորդ` ատիկա պիտի սահմանափակէ Իրանի կապը դուրսի հետ, եւ այդ պարագային մենք 15-ի փոխարէն դրացի պիտի ըլլանք 14 երկրի հետ. պիտի խափանուի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ազատ կապը Հիւսիսային Կովկասի, Ռուսիոյ եւ եւրոպական ցամաքամասին հետ:
«Շրջանային սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն երկարաժամկէտ լարուածութիւն պիտի յառաջացնէ, իսկ ամէնէն մտահոգիչը պիտի ըլլայ սահմանին օտար երկիրներու գոյութիւնը: Ցաւօք, ուքրանական բախումներու լուրջ եւ բարդ խնդիրը որոշակի անփոյթ վերաբերմունք յառաջացուցած է կովկասեան շրջանին նկատմամբ, ետեւի կարգ մղուած է «3+3» բանաձեւը, որ ի սկզբանէ ընդունուած էր Ռուսիոյ, Իրանի, Թուրքիոյ, Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ: Եւ այժմ Հարաւային Կովկասի շրջանը Եւրոպական Միութեան, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Սիոնական վարչակարգի միջամտութեան եւ անօրինական ու փտած ներկայութեան վայր է, եւ եթէ այս միտումը շարունակուի, ապա այս շատ զգայուն շրջանը գործնականին մէջ պիտի վերածուի անվտանգութեան սպառնալիքի:
«Մեր ռուս ընկերները պէտք է զգուշ ըլլան եւ գիտնան, որ Կովկասի մէջ որեւէ փոքր անփութութիւն զայն պիտի վերածէ ներխուժման եւ մրցակցութեան վայրի տարբեր երկիրներու եւ չարամիտ կողմերու միջեւ, որոնք պիտի հարուածեն Ռուսիոյ եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան շահերը: Եթէ անոնք անտեսեն, ապա ամերիկացիներն ու անոնց գործակալները, որոնք չկրցան Ուքրանիոյ մէջ որեւէ կարեւոր բան ընել, պիտի ուժեղացնեն լարուածութիւն ստեղծող գործօնները շատ զգայուն հարաւկովկասեան շրջանին մէջ եւ պիտի խաթարեն ամբողջ շրջանի անվտանգութիւնը:
«Այս շրջանին մէջ խնդիրներու եւ բարդ հարցերու որեւէ անտեսում եւ չափէն աւելի պարզեցում պիտի ստիպէ անոնց չսահմանափակել (իրենց մտադրութիւնները) միայն Հարաւային Կովկասի շրջանով, այլ նաեւ իրենց ազդեցութիւնը տարածել Հիւսիսային Կովկասի եւ, ամէնէն կարեւորը, Կասպից ծովու եւ ատոր շուրջ գտնուող երկիրներուն վրայ, եւ ատիկա պէտք է ըլլայ Իրանի եւ Ռուսիոյ կարմիր գիծը», գրած է իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը: