Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիլնիուսի Վեհաժողովը Ռուսիան Կը Նշէ Իբրեւ ՕԹԱՆ-ի «Ամէնէն Լուրջ Սպառնալիք»-ը

July 13, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ գումարուած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը 11 յուլիսին որդեգրեց հռչակագիր մը, որուն մէջ Ռուսիան նշեց իբրեւ «ամէնէն լուրջ սպառնալիք»-ը:

ՕԹԱՆ-ը միեւնոյն ժամանակ յայտնեց, որ չի ձգտիր Ռուսիոյ հետ տագնապի եւ կ՛ուզէ պահպանել այդ երկրին հետ կապի խողովակները:

Դաշինքը Մոսկուային կոչ ուղղեց` վերատեսութեան ենթարկելու Եւրոպայի մէջ սովորական սպառազինութեան մասին պայմանագիրէն դուրս գալու որոշումը, դատապարտեց Պիելոռուսիոյ մէջ մարտավարական հիւլէական զէնքի տեղակայումը եւ Մոսկուային կոչ ուղղեց զինուորական միաւորումը դուրս բերել Մերձտնեսթրէն:

ՕԹԱՆ յայտնեց, որ Պիելոռուսիոյ հետ Ռուսիոյ զինուորական համարկումը կ՛ազդէ շրջանային կայունութեան եւ ՕԹԱՆ-ի պաշտպանութեան վրայ:

ՕԹԱՆ-ը բոլոր պետութիւններուն կոչ ուղղեց դադրեցնելու Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ կատարած յատուկ զինուորական գործողութեան որեւէ տեսակի օգնութիւն, աջակցութիւն յայտնեց Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի առաջարկած «Խաղաղութեան ծրագիրին» եւ Մոսկուայէն պահանջեց իր զօրքերը դուրս բերել Ուքրանիոյ տարածքէն:

Դաշինքը նշեց, որ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմին Իրանի աջակցութիւնը կ՛ազդէ եւրատլանտեան անվտանգութեան վրայ, եւ Իրանին կոչ ուղղեց դադրեցնելու այդ աջակցութիւնը, յատկապէս մատակարարումը անօդաչու թռչող սարքերու, որոնք կ՛օգտագործուին կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառոյցներու վրայ յարձակելու համար եւ բազմաթիւ քաղաքային զոհեր կը պատճառեն:

Ռազմաքաղաքական պլոքը «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց «դաշնակցային տարածքին մէջ Իրանի չարամիտ գործողութիւններուն» նկատմամբ:

«Մենք Իրանին նաեւ կոչ կ՛ուղղենք զերծ մնալու ապակառուցողական գործողութիւններէն, ինչպէս նաեւ բաց ջուրերուն մէջ նաւերու առեւանգումէն ու կառուցողական դեր խաղալու շրջանային կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման գործին մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

ՕԹԱՆ նաեւ անդրադարձաւ Չինաստանին` նշելով, որ Չինաստանի ու Ռուսիոյ գործընկերութիւնը կը հակասէ դաշինքի արժէքներուն եւ շահերուն, Չինաստանի ախորժակները մարտահրաւէր են ՕԹԱՆ-ի շահերուն, անվտանգութեան եւ արժէքներուն, եւ դաշինքը պիտի շարունակէ ամրապնդել Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս շրջանին մէջ գործընկերներու հետ գործակցութիւնը` դիմակայելու համար անվտանգութեան հասարակաց մարտահրաւէրները:

ՕԹԱՆ-ի յաջորդ տարեկան վեհաժողովը 2024 թուականին պիտի գումարուի Միացեալ Նահանգներու մէջ, իսկ 2025 թուականին` Նետերլանտներու մէջ:

Դաշինքը կ՛ուզէ Ժընեւի մէջ բանալ գրասենեակ` ՄԱԿ-ի հետ համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար:

 

Նախորդը

Վիլնիուսի Մէջ Պայտըն-Էրտողան Հանդիպում

Յաջորդը

Քուրթուլմուշ. «Թուրք-Ազրպէյճանական Կապերը Ռազմավարական Բնոյթ Ունին»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.