Մոսկուայի եւ Փեքինի յարաբերութիւնները գերազանցած են «Պաղ պատերազմ»-ի ժամանակաշրջանի ռազմաքաղաքական դաշինքի բնորդը: Այս մասին յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վան Վենպին:
«Քոմերսանթ» կը գրէ, որ ան այսպէս մեկնաբանած է ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի հաղորդագրութեան այն կէտը, որ կը նշէ, թէ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ համագործակցութեան խորացումը կը հակասէ դաշինքի շահերուն:
Վենպինի համաձայն, երկու երկիրներու յարաբերութիւնները «հիմնուած են չմիաւորուելու, չճակատելու եւ երրորդ կողմերը չթիրախաւորելու սկզբունքներուն վրայ»:
«Երկու երկիրներու յարաբերութիւնները գերազանցած են «Պաղ պատերազմ»-ի տարիներուն ռազմաքաղաքական դաշինքի բնորդը: Ասիկա սկզբունքօրէն կը տարբերի ՕԹԱՆ-ի երկիրներէն, որոնք կը ստեղծեն փակ շրջանակներ եւ կը ներգրաւուին դաշինքային ճակատումի մէջ», ըսած է ան: