Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար` ընկերակցութեամբ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմի, այցելեց Հասպայա եւ Արքուպ:
Սահմանամերձ շրջանները ստուգելէ ետք, Հաժժար եւ Հաշեմ հանդիպումներ ունեցան Հասպայայի գաւառապետ Ռաուատ Սալլումի, Հասպանիի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Սամի Սաֆատիի եւ գիւղաքաղաքի բարգաւաճման ծառայութեանց կեդրոնի նախագահ Ռիմա Համրայի հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան այդ շրջաններուն մէջ տիրող իրավիճակը, ժողովուրդին դիմագրաւած ապրուստի մարտահրաւէրներն ու զանոնք իրենց հողին վրայ պահելու համար տրուելիք երաշխիքները:
Հաշեմ շեշտեց հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն կարեւորութիւն ընծայելու անհրաժեշտութիւնը` կոչ ուղղելով, որ երկրին մէջ նոր կազմուելիք կառավարութիւնները նախորդ կառավարութիւններու բացթողումներուն վերջ տան եւ թշնամի Իսրայէլին դէմ տակաւին դիմադրող եւ իսրայէլեան ամէնօրեայ ոտնձգութիւններուն դիմաց տակաւին գոյատեւող այս շրջաններուն արդար հատուցում ապահովեն:
Հաշեմ բարձր գնահատեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարի սահմանամերձ շրջաններ այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան վկայեց այդ շրջաններուն կարիքներն ու բարգաւաճման ծրագիրներու բացակայութիւնը:
Հաշեմ շեշտեց, որ իրենք կը վստահին ընկերային եւ բարգաւաճման ծառայութիւններ տրամադրելու իմաստով պատասխանատուներուն կողմէ տրուած խոստումներուն:


