Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաշեմ Սաֆիէտտին. «Հըզպալլա Բնաւ Չէ Քննարկած Թաէֆի Համաձայնագիրի Բարեփոխումը»

Յուլիս 11, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին Պեքաայի «Իմամ Սատեք» միութեան կազմակերպած խորհրդաժողովին ընթացքին շեշտեց, որ ուիլայէթ ֆաքիհի գործերը հզօրացուցած են այսօրուան իսլամական աշխարհը եւ ապահոված ժողովուրդներու շահերը, ինչպէս նաեւ կրցած են ապահովել կրօնական զարթօնք մը, որ օգտակար դարձած է բոլոր իսլամներուն եւ արաբներուն:

Սէյիտ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ ոմանք կը շարունակեն պայքարիլ Հըզպալլայի դէմ` աւելցնելով, որ անոնք պէտք է իմանան, որ Հըզպալլայի լռութիւնը տկարութենէ չի բխիր: «Մեր հայրենիքը` Լիբանանը այսօր վիրաւոր է եւ տագնապալի վիճակի մէջ, հետեւաբար մենք միշտ կոչ կ՛ուղղենք երկխօսութեան եւ համաձայնութեան` վերջ տալով ամուլ բանավէճերուն», ըսաւ ան:

Սէյիտ Սաֆիէտտին ընդգծեց նաեւ, որ Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը բնաւ չէ քննարկած Թաէֆի համաձայնագիրը բարեփոխելու կարելիութիւնը:

«Եթէ այդ մասին Լիբանանի մէջ որոշում գոյանայ, ապա մենք պիտի ըլլանք այդ մասին վերջին կարծիք տուողը», նշեց ան: Սէյիտ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ փուլը կարիքը ունի իրապաշտ լուծումներու, որոնց կարելի է հասնիլ լիբանանեան համախոհութեամբ եւ ոչ թէ արտաքին միջամտութիւնները գոհացնող ապարդիւն վէճերով:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հաժժար Եւ Հաշեմ Այցելեցին Հասպայա Եւ Արքուպ

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?