Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կողմէ վերջերս վաւերացուած բանակի եւ ապահովական կառոյցներու զինուորականներուն աստիճանի բարձրացումներուն շրջագիծին մէջ երեք հայ զինուորականներու պաշտօնները բարձրացան գնդապետ-զօրավարի:
Անոնք են.
Գնդապետ-զօրավար Ժորժ Պալիքեան` Պետական անվտանգութեան կառոյցէն:
Գնդապետ-զօրավար Թոնի Տեքերմէնճեան` բանակէն:
Գնդապետ-զօրավար Փոլ Տեքերմէնճեան` բանակէն:


