Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց. «Կառչած ենք մեքանիզմին, որ որդեգրուած է թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան գործադրման հսկողութեան յանձնախումբին (Մեքանիզմ) մէջ, որ կը ներառէ բոլոր կողմերը, ինչպէս նաեւ ամբողջովին յանձնառու ենք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին, եւ ատկէ բացի ոչինչ ունինք»: Ան այս մասին յայտնեց «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին:
«Ամէնէն կարեւորը ներքին կայութիւնն է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի շահերը իրագործող բաներու շուրջ լիբանանցիներուն համախմբուածութիւնը: Ինծի լիբանանցիներուն միջեւ միասնականութիւն տուր, եւ քեզի Իսրայէլի դէմ հաստատ յաղթանակ կու տամ», շեշտեց Պըրրի:


