Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քաղաքական Առեւտուր Եւ Գիներու Թանկացման Միտումներ

Յուլիս 11, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահը շատ ուշագրաւ պայման դրած է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան ուղղութեամբ թրքական մերժումը վերցնելու համար: «Նախ Եւրոպական Միութեան միանալու ճանապարհ բացէք Թուրքիոյ համար, այնուհետեւ  մենք ճանապարհ կը բանանք Շուէտի անդամակցութեան համար, ինչպէս ըրինք Ֆինլանտայի պարագային»:

ՕԹԱՆ-ի համագումարի նախօրեակին նման նախապայման բարձրաձայնելով, Անգարան իր պահանջին գինը կը բարձրացնէ իր վեթոն վերցնելու դիմաց: Շուէտի անդամակցութիւնը ՕԹԱՆ-ին հաւաքական Արեւմուտքի համար ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը շրջապատելու ընդհանուր քաղաքականութեան շրջածիրին մէջ: Ֆինլանտան անոր նախաքայլն է, իսկ Շուէտը` իբրեւ սահմանակից Ռուսիոյ, արդէն ՕԹԱՆ-ի ուժերը ռուսական սահման հասցնելն է:

Այս բոլորով չեն սահմանափակուիր անշուշտ Ռուսիոյ շրջապատումը ՕԹԱՆ-ով: ՕԹԱՆ-ի պատասխանատուները պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ իրենք պատրաստ են քննարկելու Ուքրանիոյ անդամակցութեան հարցը, արագացուած կարգով: Առանց համապատասխան ընթացակարգէ անցնելու  Ուքրանիոյ դիմումը ընդունելու: Այստեղ կայ կարեւոր երանգային օղակ: ՕԹԱՆ-ի այս յայտարարութեան նախորդեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը, որ Ուքրանիան պատրաստ չէ ընդունուելու ՕԹԱՆ-ի կազմին մէջ: Հիմա ՕԹԱՆ-ը այդ պատրաստ չըլլալու փաստը կը շրջանցէ եւ կը նեղացնէ արագացուած կարգը:

Թուրքիոյ դերը այս բոլորին մէջ թէ՛ Ուքրանիոյ պատերազմին միջնորդ ըլլալու, թէ՛ Ռուսիոյ հետ իր առեւտրատնտեսական կապերը պահելու, յատուկ լուսարձակի տակ կու գայ: Պահանջուածը երեւութապէս Ռուսիայէն հեռացումն է եւ իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիր լիարժէք ներգրաւումը ՕԹԱՆ-եան ռազմաքաղաքականութեան:

Առաջին պահանջը Շուէտի թղթածրարն է: Թրքական վեթոյի վերացումին դիմաց պահանջուած գինի աստիճանաչափը բարձր է: Էրտողան կը շարունակէ իր յաւակնոտ խաղերը եւ ճանապարհ կը պահանջէ դէպի Եւրոպական Միութիւն: Իսկ բոլորին համար պարզ է, որ ժողովրդագրական ճգնաժամ ապրող Եւրոպային համար ի՛նչ կրնայ նշանակել Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան: Արդէն իսկ արագ փոխուող Եւրոպայի ժողովրդագրական համապատկերը նոր իրավիճակներ պարզեց, երբ յատկապէս թրքական ուղղորդումով մեծաքանակ գաղթականներ անցան Եւրոպա` տնտեսական նոր տագնապներ ստեղծելով: Թուրքիան իր գաղթականական պաշարներուն մէջ ունի պատանդ գաղթական զանգուածներ, որոնք կրնայ «գործուղել» Եւրոպա: Տնտեսական օժանդակութիւններ ստանալու պահանջը չբաւարարելու պարագային գաղթականական նոր խմբաքանակներ պատրաստ են մեկնելու Եւրոպա:

Հիմա, ա՛յլ պայման: Դժուար ընդառաջելի պայման Եւրոպային կողմէ: Ոչ անպայման սակայն Միացեալ Նահանգներու կողմէ, որոնք դժգոհ չեն երեւիր Եւրոպայի ապրած անվերջ նորացուող տագնապներով: Հետեւաբար Թուրքիոյ նախագահին ակնարկը ուղղուած է Ուաշինկթընին, Եւրոպայի հաշուոյն գործարքի համաձայնելու իրեն հետ: Ռուսիոյ հետ ապամերձեցումը այս տեսքով կը դրսեւորէ Էրտողանը: Ի վերջոյ Շուէտի անդամակցութեան վերացումը Թուրքիոյ կողմէ ամէնէն լուրջ հարուածն է ռազմավարական իր գործակից Ռուսիոյ դէմ:

Ասով ալ կը բացատրուի ուքրանական գումարտակի Թուրքիայէն անցումը Ուքրանիա, որ ըստ պաշտօնական Մոսկուայի, Մոսկուա-Անգարա համաձայնութեան լրջագոյն խախտում է: Քաղաքական այս ընթերցումը կատարած է յայտնաբար նաեւ Պաքուն, որուն առաջին դիւանագէտը սուր քննադատական խօսքեր կ՛ուղղէ Մոսկուայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին կատարած յայտարարութիւններուն արձագանգելով:

ՕԹԱՆ-ի համագումարը ի շարս այլ խնդիրներու Թուրքիայէն ակնկալութիւններ պիտի ունենայ: Այդ ակնկալութիւններուն իրազեկ Թուրքիան նախքան առեւտուրը իր քաղաքական դիրքորոշումին գինը կը բարձրացնէ: Գին բարձրացնելը քաղաքական առեւտուրին մէջ ընթացիկ քայլ է: Խնդիրը այս պարագային երկակի եւ բազմակի խաղեր ցուցադրելու Թուրքիոյ առաձգականութեան սեղմումն է: Շուէտը այս ընթացքով ի վերջոյ կ՛անդամակցի ՕԹԱՆ-ին Անգարայի համաձայնութեամբ: Գուցէ դէպի Եւրոպա ճանապարհ հարթելու խոստումներու դիմաց, որոնք չեն ենթադրեր անդամակցութիւն անշուշտ:

Այս բոլորը կը յանգեցնեն Մոսկուա-Անգարա ներկայի յարաբերութիւններու եթէ ոչ շրջադարձի, այլ գէթ սկսելու համար դանդաղեցման: Պէտք է մտածել ուրեմն երկու գլխաւոր խաղցողներու յարաբերութեան փոփոխութեան` Հարաւային Կովկասի մէջ ունենալիք ազդեցութեան եւ հետեւանքներուն մասին: Այս տրամաբանութեամբ ալ պէտք է ընկալել Ազրպէյճանի շտապողականութեան շարժառիթները:

«Ա.»

Նախորդը

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Եւրոպայի Մարմիններու Ռայոնական Ժողովի

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 11 Յուլիս 2023)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?